Նորին Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հօր Քարոզը (20.4.2021)

ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Տ. ՆՈՒՐՀԱՆ ԱՐՔ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՔԱՐՈԶԸ՝ ԽՕՍՈՒԱԾ
ՄԵՌԵԼՈՑԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

«Եթէ հոգի այնորիկ որ յարոյց զՅիսուս ի մեռելոց՝ բնակեալ է ի ձեզ, ապա եւ որ յարոյցն զՔրիստոս ի մեռելոց՝ կենդանացուսցէ զմահկանացու մարմինս ձեր»:

«Եթէ ձեր մէջ կը բնակի Հոգին Անոր՝ որ մեռելներէն յարոյց Յիսուսը, ապա ուրեմն Ան որ մեռելներէն յարոյց Քրիստոսը, ձեր մահկանացու մարմինները եւս պիտի կենդանացնէ ձեր մէջ բնակող իր հոգիով»: (Հռոմ. Ը:11)

      Բոլոր անոնց՝ որոնք ժանտագին ու ծանր այս օրերուն, արդի գիտութեան մարդուն պարգեւած հրաշք-գիւտերուն միջոցաւ, հեռուէն աչքով եւ ականջով կը հետեւին Զատկական այս արարողութեան, կ’ուզենք անգամ մը եւս հակիրճ կերպով անդրադառնալ այս օրուան՝ մեր Փրկչին սուրբ Յարութեան տօնին իմաստին:

       Քրիստոնէական եկեղեցին իր տօնացոյցին մէջ Ս. Յարութեան տօնին տուած է առաջնահերթ տեղ, նախապատուութիւնը միւս տօներուն մէջ, նոյնիսկ Ծննդեան տօնէն առաջ: Եթէ Քրիստոսի Ծնունդը, որ կու գար մարդկութեան պարգեւել երջանկութիւն եւ յոյս պարգեւող սկիզբ մը, մինչ Զատիկը կու գար տալու աւետիսը կեանքին վերջնական ու ամբողջական յաղթանակին: Մէկ կողմէն, եթէ Ծննդեան տօնը կը ջերմացնէ մեր հոգիները, միւս կողմէն սակայն Զատիկը կու գայ վերջնականապէս հանդարտեցնելու մեր միտքերը թէ մահը մարդուն վախճանը չէր այլեւս: Ա՛յն, ինչ կը սկսէր Բեթղեհէմի մէջ՝ կու գար աւարտիլ Գողգոթայի վրայ, թերեւս աւետարաններու այս պատմութիւնը եւս կրնար դառնալ աշխարհի ուրիշ գեղեցիկ պատմութիւններէն մին, ինչպէս նաեւ երբ կը կարդանք Քրիստոսի հանդիպումը Էմմաուսի ճամբուն վրայ իր յուսալքուած աշակերտներուն: Սակայն Զատկական այս առաւօտը կու գայ մեր աչքերը կեդրոնացնելու պարապ գերեզմանի մը վրայ, ուրկէ պիտի լսուէր հետեւեալ յուսադրիչ ու կենսատու բառերը. «Չէ աստ, այլ յարեաւ»: Ահա այս դէպքն է որ այս օրերուն կը յիշատակէ քրիստոնեայ աշխարհը, ամենայատկանշական հրաշքը, մարդկային պատմութեան մէջ պատահած ամենաբացառիկ դէպքը, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը աշխարհի միակ եւ ճշգրիտ իրականութիւնն է, եւ Աստուածորդւոյն Յարութիւնը՝ մեր հաւատքին ամենապերճախօս փաստը:

       Մեռելներէն իր յարութիւն առնելու պատկերը միշտ մեր Փրկչին մտքին մէջ էր, որուն համար ալ հրեայ կրօնականներ ուզեցին հարցականի տակ առնել անոր հեղինակութիւնը, երբ ան կը բուժէր դիւահար երիտասարդը, եւ ըսին. «Վարդապետ, կ’ուզենք քեզմէ նշան մը տեսնել»: Որուն Յիսուս պատասխանեց, ըսելով. «Չար եւ շնացող ազգ, նշան կ’ուզէք բայց ձեզի ուրիշ նշան պիտի չտրուի բացի Յովնան մարգարէի նշանէն. ինչպէս որ ան երեք օր եւ երեք գիշեր մնաց կէտ ձուկի փորին մէջ, նոյնպէս ալ մարդու Որդին երեք օր եւ երեք գիշեր պիտի մնայ երկրի ընդերքին մէջ»: Անկասկած Աստուածորդւոյն միւս հրաշքները բաւականին տպաւորած էին իր հետեւորդները, սակայն այս մէկը կու գար տալու գերագոյն փաստը անոր իրա՛ւ էութեան: Թերեւս Խաչին շուքը ձեւով մը մթագնէր իր միւս հրաշքները, սակայն Յարութեան փառքը պիտի գար Խաչը վերածելու լուսաշող նշանի մը, որ պիտի վերահաստատէր հաւատքը բոլոր անոնց՝ որոնք առաջին հերթին հաւատացած էին Խաչեալ Փրկչին ու հետեւած անոր: Քրիստոս իր աշակերտներուն տուաւ այն ոյժը, որ իրեն տրուած էր Հայր Աստուծմէ, խոստանալով միշտ ըլլալ իրենց հետ մինչեւ աշխարհի վախճանը: Եւ Յարութեամբ հաստատուած այս հաւատքն էր որ կու գար ամբողջ 20 դարեր ներշնչելու քրիստոնեայ հաւատացեալը, որովհետեւ իրեն համար Քրիստոս է Ճամբան, Ճշմարտութիւնն ու Կեանքը. ո՛չ մէկ փիլիսոփայ, գիտնական կամ մտաւորական կրցած է ըսել ա՛յն ինչ որ մեր Տէրը ըսաւ. «Ես եմ Յարութիւն եւ Կեանք. Ան որ կը հաւատայ ինծի նոյնիսկ եթէ մեռնի՝ պիտի ապրի, եւ ան որ կ’ապրի ու կը հաւատայ ինծի, երբեք պիտի չմեռնի»:

        Մեր կրօնքին ամենակարեւոր ու յատկանշական բառը՝ Յարութիւնն է, որ կու տայ ճշգրիտ նկարագիրը մեր հաւատքին, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը ինքնին՝ Յարութեան կրօնքն է: Եւ ճիշդ այս է որ կու տայ Հռոմայեցւոց Թուղթէն առնուած մեր բնաբանը խաւարի մէջ գտնուող եւ քայքայուող աշխարհին, ուր ապագային նայող Մարդը ոչ միայն յուսալքուած է, այլ նաեւ լեցուած մտահոգութեամբ եւ վախով, քաոսէն՝ կարգ ու կանոն եւ մահէն՝ կեանք ստեղծելու իր անկարողութեամբ: Մենք ընդհանրապէս Սուրբ Յարութեան հրաշքին կը նայինք իբր յաւելում մը Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագրին վրայ, կամ պարզապէս իբր վերջաբանը Աւետարաններուն: Բայց պարզ իրականութիւնը այն է, որ մենք երբեք Նոր Կտակարան մը պիտի չունենայինք, եթէ անոր գրողները Աստուածորդւոյն հրաշագործութիւնները չամբողջացնէին Յարութեան այն բացառիկ ճշմարտութեամբ, որ մեր Փրկիչը վերջնականապէս յաղթած էր մահուան եւ հիմա կ’ապրէր յաւիտեան:

        Սիրելի հաւատացեալներ, ժահրի եւ ժանտի այս օրերուն, մենք բոլորս կարիքը ունինք մեր Փրկչին կենսատու խօսքերու գրգիռին, եւ թող այսօր անգամ մը եւս կրկնենք իր առաքեալներուն ուղղուած խօսքը, «Ձեր հաւատքը պիտի փրկէ ձեզ»: Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, շաբաթ մը եւս եւ մենք կը նշենք մեր ազգային գողգոթայի եւ միաժամանակ յարութեան 105-ամեակը: Հայ ժողովուրդը իր քրիստոնէութեան վերջնական դարձէն ի վեր իր ամբողջ էութեամբ հաւատացած է Փրկչին Յարութեան: Մենք՝ որ հայ ենք ու անցած հազար գողգոթաներէ ու խաչելութիւններէ եւ միշտ վերապրած, թող երբեք չյուսահատինք եւ յուսալքուինք. հաւատացէ՛ք ու վստահ եղէ՛ք որ Հայր Աստուած գիտէ ամէն չարիքէ ետք բարիքի բաժին մը հանել մարդուն: Միշտ յիշեցէ՛ք որ Աւագ Ուրբաթն էր մարդկութիւնը Զատկական առաւօտ առաջնորդողը. մենք երբեք յաւիտենական կեանքի պիտի չարժանանայինք եթէ Աստուածորդին իր կեանքը չտար մեզի համար: Այս զգացումներով եւ խոհերով կ’ողջունենք ձեզ բոլորդ, ըսելով.

ՁԵԶ ԵՒ ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ