Խաչվերաց / Das Fest der Erhöhung des Hl. Kreuzes, 15. September 2024, Nussbaumen b. Baden/AG

 

ՏՕՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՐԲՈՅ ԽԱՉԻ
DAS FEST DER ERHÖHUNG DES HL. KREUZES

KhatchVer4

Sonntag, 15. September 2024, um 15:00 Uhr
Katholische Kirche Nussbaumen
Birkenstrasse 2, 5415 Nussbaumen-Baden/AG

ԽԱՉՎԵՐԱՑ

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԽԱՉԱՓԱՅՏԻ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

         Խաչվերացը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն վերջինն է իսկ խաչի նուիրիւած չորս տօներէն մեծագոյնը: 

       Խաչվերացը Խաչին նուիրուած տօներուն մէջ ամենէն կարեւորն է, նկատելով որ ան նուիրուած է խաչի գերութենէ վերադարձին, անոր պատմական վայրին վրայ բարձրացման եւ փառաբանութեան յիշատակին: 

         Խաչվերացը տաղաւար տօներէն մին ըլալուն, կը կանխուի մէկ շաբթուան պահքով եւ նաւակատիքով,  տօնին յաջորդող Երկուշաբթին՝ մեռելոցի օր է: 

        610 թուականին Պարսից Խոսրով թագաւորը մեծ բանակով մը կը յարձակի Բիւզանդական կայսրութեան վրայ: Սկզբնական յաջողութիւններէ ոգեւորուած` պարսկական զօրքերը 614-ին կը յաջողին մտնել նաեւ Ս. Երուսաղէմ: Շատեր սուրէ կ՝անցնին եւ մեծ թիւով մարդիկ ալ կը գերեվարուին: Գերեվարուողներու մէջ կը գտնուէր նաեւ Երուսաղէմի Զաքարիա Պատրիարքը: Բայց պարսիկներ այսքանով չեն բաւարարուիր ու կը մտնեն Ս. Յարութեան Տաճարը եւ որպէսզի Քրիստոնեաներուն նախատած ըլլան իրենց հետ գերի կը տանին Քրիստոսի Խաչափայտը, որ 4.րդ դարու սկիզբը Կոստանդիանոս կայսեր մօր Հեղինէ Թագուհիի կողմէ գտնուած եւ պաշտամունքի առարկայ դարձած էր: 

        628 թուականին բիւզանդական զօրքեր, Հերակլ կայսեր գլխաւորութեամբ, խաչափայտը գերութենէ ազատելու համար պարսիկներու դէմ շարժման կ՝անցնին: Անոնց կ’օժանդակէր նաեւ հայկական զօրախումբ մը գլխաւորութեամբ հրամանատար Մժէժ Գնունիի: Տիրոջ օգնութեամբ բիւզանտացիներ յաղթանակ կը տանին ու Ս. Խաչը ազատագրելով եւ հանդիսաւոր թափօրով նախ կը փոխադրեն հայոց Կարին քաղաքը, յետոյ Կ. Պոլիս եւ ապա Երուսաղէմ:

     Խաչվերացը հետեւեալ անձնաննուններու անուանակոչութեան տoնն է: Խաչիկ, Խաչատուր, Խաչերես, Խաչեր, Խաչo եւ Նշան:   Շնորհաւոր բոլորին:

***************************************************************************

Die armenischen Namen und ihre Bedeutungen

Հայկական արական անձնանուններն ու իրենց իմաստները

***************************************************************************

Պատշաճք Խաչվերացի

Մեղեդի – Խաչն ի նախնումն
Շարական Թափօրի – Զօրութիւն Սուրբ Խաչի Քո Քրիստոս կամ Որ զանարատ բազուկս Քո:
Ժամամուտ – Առաջի պատուական ամենայաղթ Խաչի Քո
Սուրբ Աստուած – Որ Խաչեցար
Շարական Ճաշու – Յաղթող եւ զնոր օրհնութիւն
Սաղմոս – Նշանեցաւ առ մեզ լոյս երեսաց քոց
Սրբասացութիւն – Ով է որպէս
Ճշ. Աւտրն. – Յովհ. 3:13-21

***************************************************************************

KhatchAv022

Զօրութիւն Սուրբ Խաչի Քո Քրիստոս

Զօրութիւն սուրբ խաչի քո Քրիստոս. որ կանգնեցեր ի փրկութիւն աշխարհի. սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փորձութենէ: 

        Սուրբ Խաչիդ զօրութիւնը ամէն փորձութեանց մէջ պիտի պահպանէ մեզ, ո՝վ Քրիստոս, որովհետեւ աշխարհի փրկութեան համար զայն կանգնեցիր:

Քանզի ի սմա բարձրացար Աստուած. եւ ի սմա հեղեր զպատուական սուրբ զարիւնդ. սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փորձութենէ:

         Որովհետեւ խաչը բարձրացար, ո՝վ Աստուած եւ թանկագին սուրբ արիւնդ անոր վրայ թափեցիր, անիկա ամէն փորձութեանց մէջ պիտի պահպանէ մեզ:

Եւ զքո միւսանգամ զգալուստդ նշանաւ խաչի քո ցուցեր աշխարհի. սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փորձութենէ:  

       Եւ ցոյց տուիր թէ քու խաչիդ նշանը պիտի ազդարարէ վերստին աշխարհ գալուստդ. անիկա ամէն փորձութեանց մէջ պիտի պահպանէ մեզ:

(Սահակ Գ. Ձորափորեցի (ծն. թ. անյայտ – 703) VII. – VIII. դար)