«Անունովդ Ապրիս»

«Անունովդ Ապրիս»

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

     Դեկտեմբեր ամսուան վերջին շաբաթն էր: Պէյրութ գտնուող բարեկամուհիէ մը ե-նամակ մը ստացայ: «Այսօր անուանակոչութիւնդ է, անունովդ ապրիս», որուն կը յաջորդէ առատ բարեմաղթութիւններու շարք մը:

       Նախորդող օրը քոյրս նմանապէս յիշեցուցած էր. «Վաղը Պօղոս Պետրոս է»: Բացի այս երկուքէն` մարդ չյիշեց: Անկեղծօրէն ըսեմ, որ, ես նոյնպէս մոռցած էի:

      Քանի մը շաբաթ առաջ հարսանիքի մը ներկայ գտնուեցանք, եւ պսակող քահանան, պսակուող զոյգին իր արտասանած սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ այդ օր Սուրբ Յակոբ էր, այլապէս որո՞ւ մտքէն պիտի անցնէր: Ո՞վ պիտի յիշեր: Ծնողքս, եթէ տակաւին ողջ ըլլային, վստահաբար պիտի յիշէին ու յիշեցնէին: Այդ տարիներուն մինչեւ իսկ կարգ մը աւանդութիւններ տակաւին կը գործադրէինք: «Սուրբ Յակոբի օրը լոգանք չեն առներ», Սուրբ Սարգիսին 3 օր ծոմ կը պահեն, եւ` կարգ մը նման նախապաշարումներ ու աւանդութիւններ:

     Մանկութեան տարիներուս, երբ տակաւին Էշրեֆիէ կը բնակէինք, անուանակոչութիւններուն` հօրս յիշեցումին կարիքը չէինք զգար: Բարի տէր հայրը, ամենայն հաւատարմութեամբ, թաղեցիներուն` բոլորիս անուանակոչութիւնը շնորհաւորելու կ’այցելէր եւ մեր տուները կ՛օրհնէր: Չէ պատահած, որ մէկը մոռցուէր, նոյնիսկ` ամենայորդառատ անձրեւոտ օրերուն: Մեր տունը եկեղեցիէն ու դպրոցէն բաւական հեռու էր, կուպրապատ ճամբայ գոյութիւն չունէր, սակայն բարի տէր հայրը երբե՛ք չէր թերանար իր պարտականութեան մէջ, ու քալելով կու գար մինչեւ մեր հեռաւոր թաղը:

         Իւրաքանչիւր եկեղեցիի անուանակոչութեան օրերուն տեղի կ’ունենային շքեղ տօնակատարութիւններ: Սուրբ Սարգիսի տօնին պատարագիչը անպայման բարձրաստիճան կղերական մը կ’ըլլայ: Պատահած է նաեւ, որ վեհափառ հայրապետը այցելէ Նոր Սիս թաղամասի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին: Սուրբ Յակոբի օրը շքեղ հանդիսութեամբ կը տօնուէր Էշրեֆիէի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Յովհաննու Կարապետին նոյն հանդիսութիւնները կը կատարուէին Հայաշէնի մէջ, իսկ Գրիգոր Լուսաւորչի տօնը մեծ շուքով կը տօնուէր Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, ուր շրջափակը կը յորդէր ու մինչեւ այսօր կը յորդի մեծ բազմութեամբ:

          Մայրավանքի եկեղեցին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի անունով օծուած է:
Քանի մը անուններու ոգեկոչումը յիշելու համար նոյնիսկ օրացոյցին օգնութեան կարիքը չենք զգար: Յունուար 6-ին` Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան օրը, Աւետիսներու անուանակոչութիւնն է, իսկ Զատկին` Յարութիւններունը: Մնացած տօները յիշելու համար պատէն կախուած հայկական օրացոյցի օգնութեան կը դիմենք:

       Շաբաթ մը առաջ գեղեցիկ նկարներով լեցուն հայկական օրացոյց մը բերի տուն, եւ նախքան սոյն գրութեանս սկսիլը, աչք մը նետեցի վրան` վերյիշելու համար հայկական տօները: Զարմանքով նշմարեցի, թէ ո՛չ մէկ հայկական տօն յիշուած էր, բացի` ապրիլ 24-էն, որ կարմիր գոյնի մելանով տպուած էր: Ոչ իսկ արձանագրութիւն մը` յիշեցնելու Հայոց ցեղասպանութեան օրը ըլլալը:

        Մանկութեանս օրերուն օրացոյցները օրական մէկ թերթիկի դրութեամբ էին: Օրացոյցը կը բաղկանար 365 թերթիկներէ, եւ ամէն օր մէկ էջը պատռելով` կը սպասէինք Նոր տարուան ժամանումին: Իւրաքանչիւր թերթիկի վրայ գրուած էր օրուան թուականը, շաբթուան ո՛ր օրը ըլլալը, իսկ վարի մասը` աւետարանէն առնուած բարոյախօսական փոքր նախադասութիւն մը:

       Տօնական օրերը նոյնպէս մատնանշուած էին: Հայրս ստանձնած էր օրացոյցի էջերը պատռելու պարտականութիւնը, եւ ամէն օր վարի գրութիւնները բարձրաձայն կը կարդար մեզի` չմոռնալով յիշեցնելու տօները:

     Նոր տարուան, Սուրբ Ծնունդի եւ Զատկուան տօներէն ետք, Վարդանանցը մեր նախընտրած տօներէն մէկն էր: Դպրոցէն 5 օր արձակուրդ կ՛ունենայինք:

       Համբարձման տօնը դիւրութեամբ կը յիշուէր` դարձեալ առանց օրացոյցի օժանդակութեան: Իգականներուն համար հաճելի տօն մըն էր: «Վիճակ» կը քաշէին, մանաւանդ երբ իրենց անմիջական շրջապատին մէջ նշանուած օրիորդ մը ըլլար, պայման էր, որ ան ներկայ գտնուի այդ աւանդական հանդէսին:

      Ներկայիս տուներու մէջ վիճակ քաշելը նուազած է. կրնամ ըսել` գրեթէ վերցուած: Փոխարէնը` մեր տիկնանց միութիւնները Համբարձման տօնը մեծ շուքով կը կազմակերպեն թէ՛ տօնը յիշելու եւ թէ՛ միութեան որոշ եկամուտ մը ապահովելու նպատակով:

        Ինչ կը վերաբերի Համբարձում անունին, այսօր այդ անունը կրող քանի՞ հոգիի կը հանդիպինք: Նոյնիսկ եթէ հանդիպինք, ո՛չ ոք Համբարձում անունով կը բնորոշէ զայն, պարզապէս` Համբիկ կամ Համբար:

      Իգականները, հակառակ իրենց ազնւութեան ու բարութեան, հազուագիւտ սուրբեր տուած են մարդկութեան: Սուրբերը մեծամասնութեամբ արականներ եղած են: Մատի վրայ կը համրուին իգական սուրբերը, որոնցմէ անշուշտ ամենանշանաւորն է Մարիամ Աստուածածինը, սակայն այսօր Մարիամ անունը կրող քանի՞ հայուհիներու կը հանդիպինք: Կը կանչուին` Մարի, յաճախ Մարօ, իսկ աւելի «արդիականացածները»` Մէյրի:

* * *

       Զուտ հայկական մաղթանք մըն է «Անունովդ ապրիս»-ը եւ այսօր շատ աւելի պէտք է մաղթենք բոլոր անոնց, որոնք մէկդի ձգած իրենց հայկական սիրուն անունները` կը գործածեն օտար անուններ:

   Շատ մը սովորութիւններու նման, «Անունովդ ապրիս»-ի բարեմաղթութիւնը զգալիօրէն նուազած է: Սկսած է նոյնիսկ մոռցուիլ:

     Այսօր, աւելի քան երբեք, պէտք է յիշեցնենք անունովը ապրելու պահանջը: Շատ է թիւը անոնց, որոնք կը մկրտուին հայկական անունով, սակայն այդ անունը կը մնայ գրուած միայն անձնաթուղթերու մէջ: Հանրութեան մօտ ճանչցուած են իրենց թարգմանուած կամ «արդիականացած» անունով:

      Ինչպէ՞ս տօնել «Յովհաննու Կարապետ»-ը, երբ Յովհաննէսը դարձած է Ճան, իսկ Կարապետը` Կերի: Ինչպէ՞ս յիշել Պօղոս Պետրոսի տօնը, երբ Պօղոսները դարձած են Փոլ, իսկ Պետրոսները` Փիթըր:

      Կարգ մը անուններ այսօր դարձած են ժամանակավրէպ: Ո՞ր ծնողը կը համարձակի իր զաւկին անունը Թովմաս որակել, սակայն` Թամ, որ բառացի թարգմանութիւնն է Թովմասի, շատ հաճելի անուն մը կը թուի ըլլալ: Նոյնն է պարագան Մատթէոսին եւ Բարթողիմէոսին: Մատթէոսը կը դառնայ Մեթիու, իսկ Բարթողիմէոսը… Փաթրիք:

       Կարգ մը ընդհանրացած օտար անուններ սկսած են մուտք գործել մեր հայկական անուանացանկերուն մէջ, ինչպէս` Kyle, որ երբ հայերէնով գրուի, կը դառնայ մեր գիտցած «Գայլ»-ը, սակայն ինչպէ՞ս թարգմանել Keith անունը եւ հայերէնով գրել… «Քիթ»: Չէ՞ք կարծեր, որ չափէն աւելի ծիծաղելի անուն մը կրնայ ըլլալ:

        Մանկութեանս, մեզի թաղեցի կին մը Յովհաննու Կարապետի օրը զոյգ տղայ աշխարհ բերաւ: Թաղեցիները անմիջապէս ենթադրեցին նորածիններուն անունները: Յովհաննէս եւ Կարապետ: Նոյնը մտածեցին երկուորեակներուն ծնողները, սակայն հիւանդանոցէն հազիւ տուն հասած` Յովհաննէսն ու Կարապետը դարձան Յովիկ եւ Կարօ: Ո՛չ մէկ արգելք: Տակաւին հայկական անուններ են. պարզապէս` կրճատուած: Անուններու կրճատումը զուտ հայկական սովորութիւն չէ: Կը կրճատեն նաեւ օտարները:
Յովիկին ու Կարոյին հետ կապս կտրուած է պատանեկութեան օրերէս ի վեր: Նոյնիսկ տեղեակ չեմ` տակաւին Լիբանա՞ն են, թէ՞ գաղթած, չես գիտեր` աշխարհի ո՞ր կողմը: Հետաքրքրական է գիտնալ. Յովհաննէսը մնացա՞ծ է Յովիկ, թէ՞ վերածուած` «Ճան»-ի, իսկ Կարապետը… տակաւին Կարօ՞ է, թէ՞ դարձած` «Կերի»:

* * *

      Շատեր կը պատճառաբանեն, աւելի ճիշդ` ինքզինքնին կ’արդարացնեն, ըսելով, թէ օտարներուն համար դժուար է հայերէն անունները հնչելը: Արդեօք այդ մէկը պատճա՞ռ մըն է օտարացնելու մեր հայկական անունները:

      Պատահած է, որ օտարներ մականունս սխալ հնչեն եւ այդ մէկը վերագրեն բազմատառ ըլլալուն, սակայն ես, իմ կարգիս, իրենց յիշեցուցած եմ, որքան ալ երկար է, Քալիֆորնիոյ նախկին կառավարիչ, հանրածանօթ դերասան Arnold Schwarzenegger-ին մականունէն շատ աւելի դիւրին է եւ` աւելի կարճ: Ինչո՞ւ այդ անունին երկարութեան համար` ոչ մէկ ակնարկ:

       Մօտաւորապէս 50 տարի առաջ, ընդհանրապէս, արուեստագէտներն էին իրենց անունները եւրոպականացնողները: Մեծ թիւով հայ երգիչներ ու երաժիշտներ կը կրէին օտար անուններ: Կարգ մը անուններ թարգմանելու դժուարութեան չէին հանդիպեր: Գէորգը դիւրութեամբ Ճորճի կը վերածուէր, Յարութը` Հերրիի, իսկ Յակոբը` Ճեքի, սակայն զուտ հայկական անունները ինչպէ՞ս թարգմանէին: Հայը միշտ հնարագէտ եղած է: Զուտ հայկական անուն Զոհրապին առաջին 3 տառերը ջնջելով եւ պահելով վերջին 3 տառերը, Զոհրապը կը դարձնէին Ռապ, կամ` Ռապըրթ: «Խեղճ» Վաչէները ինչպէ՞ս թարգմանէին իրենց անունները: Հանդիպած եմ քանի մը Վաչէներու, որոնք իրենք զիրենք կոչած են Ռաճըր: Անշուշտ ո՛չ մէկ նմանութիւն` իսկականին եւ թարգմանութեան միջեւ: Չափէն աւելի անյաջող թարգմանութիւն մը:

      Հօրս անունը Խաչատուր էր: «Սուրբ Խաչատուր» գոյութիւն չունի, սակայն Խաչատուր անուն կրողները տարին 4 անգամ անուանակոչութեան տօն կ՛ունենան: Խաչվերաց, Գիւտ Խաչի, Վարագայ Խաչ եւ Երեւման Խաչ:

     Մենք` որպէս հօրս անուանակոչութեան օր, «Գիւտ Խաչին»-ը կը տօնէինք:

       Ի՜նչ գեղեցիկ զուտ հայկական անուններ ունինք, որոնք բարեբախտաբար չեն թարգմանուիր: Ռուբէն, Սեպուհ, Հրայր, Վահէ, Վաչէ, Վարդգէս, Ռազմիկ եւ Անդրանիկ անունները անուանակոչութեան օր չունին: Աւետարանի մէջ յիշուած անուններուն միայն վիճակուած է այդ «բախտը»:

      Զուտ հայկական սովորութիւն մըն է «Անունովդ ապրիս»-ի մաղթանքը: Ուրկէ՞ եկած է այդ աւանդութիւնը: Դարեր շարունակ մարդիկ, իրենց ծնունդէն մինչեւ մահ, պահած են իրենց անունները (ի բացառեալ` բռնի իսլամացուածներէն):

     Ներկայիս բռնի կրօնափոխութեան վտանգը չքացած է, սակայն հայկական անուններ կամովին կ’օտարացուին աւելի քան երբեք:

      Վերջին քանի մը տասնամեակներուն շատ աւելի ընդհանրացաւ անունի մը եւրոպականացած գործածութիւնը: Գէորգները դարձան Ճորճ, Յակոբները Ճեք, Գրիգորները` Քըրք, Մկրտիչները` Մայք, եւ շա՜տ երկար է շարքը:

     Մեծ ծնողները կը հրճուին, երբ նորածին թոռնիկը իրենց անունը կրէ, սակայն հազիւ խելահաս դարձած` արդէն փոխարինուած է օտար անունով մը: Միայն մեծ հայրն ու մեծ մայրը տակաւին կը «յամառին» իրենց բուն անունով կանչել իրենց թոռնիկը:

    Տարիներ առաջ դրացի տարիքոտ մամիկ մը ունէինք, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ Աքրիպաս անունով իր զաւակներէն մէկը կորսնցուցած էր: Լիբանան հաստատուելէն տարիներ ետք փափաքած էր իր նորածին թոռնիկը նոյն անունով կոչել: Տղան չէր ուզած մերժել մօրը խնդրանքը, եւ անուանած` Աքրիպաս: Փոքրիկն Աքրիպասի մկրտութիւնը զուգադիպած է Վարդանանց տօնի օրը, եւ մկրտող քահանան ծնողքին դառնալով` «Մեղք է այս փոքրիկին, վաղը եթէ մեծնայ, պիտի ամչնայ իր անունէն», եւ մկրտած է Վարդան անունով: Թաղեցիները` բոլորս Վարդան անունով կը ճանչնայինք զինք, բացի` մեծ մօրմէն, որ Աքրիպասը կրճատելով` «Աքրեն» կը կանչէր իր թոռնիկը:

      Ամերիկայի մէջ, դժբախտաբար, նոյնիսկ կարգ մը հայկական եկեղեցիներ կը յիշուին օտար անունով: Սուրբ Պետրոս եկեղեցին շա՜տ շատեր St. Peter անունով միայն կը ճանչնան, իսկ Սուրբ Յակոբը` St. James.

      Աւելի քան 60 տարիներ առաջ երէց բարեկամիս` Սեդրակ Էսմէրեանի (այժմ մահացած) գրած երգիծական երգը այսօր շատ աւելի այժմէական է:

«Վարդուհին եղաւ Ռոզեթ
Եղսան ալ Էլիզապէթ
Յովսէփը եղաւ Զուզու
Ո՛չ ազգ մնաց… ոչ լեզու» (Սեդրակ Էսմէրեան)

Լոս Անճելըս 2016