Ցաւակցական՝ Երանաշնորհ Պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման
ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
Զուիցերիոյ Գերմանախօս շրջանի եւ Ցիւրիխի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շնորհք Քահանայ Չէքիճեանի ցաւակցական նամակը Կ.Պոլսոյ Աթոռոյ Երանաշնորհ Հայոց Պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի վախճանման կապակցութեամբ:
Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ
ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ
Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայր,
Խոր վշտով ու սրտի կսկիծով տեղեկացանք Կ.Պոլսոյ Աթոռոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի յետ երկարատեւ ու անբուժելի հիւանդութեան վախճանման գոյժին:
Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Սրբազան Հայրը, սկսեալ իր վարդապետութեան շրջանէն իսկ, կարողացած էր հայ հոգեւորականի տիպար օրինակներէն մին հանդիսանալ եւ որպէս հոգեւորական տպաւորել ոչ միայն հայ այլ նաեւ ոչ-հայ հոգեւոր ու հասարակական շրջանակները:
Յատկապէս Իր հաւատքովը ամրացուած իմաստուն քարոզները Իր իսկ կեանքի օրինակովը արտացոլացնելը, դարձած էին Սրբազան Հօր ամենաբնորոշ յատկանիշերէն: Ինք կ՝ապրէր այն բոլորը ինչ Իր հօտին հաւատքով կը քարոզէր:
Մեսրոպ Սրբազանը իր Աստուածահաճոյ գաղափարներուն այնքան կառչած էր որ, իր գաղափարները զինք անշահախնդրօրէն ու սիրով շրջապատած ամեն տարիքի համակիրներուն դիւրութեամբ կը փոխանցուէին:
Ինչպէս նշեցինք, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասու տիպար օրինակներէն մին էր Մեսրոպ Սրբազանը եւ առ այդ խումբ մը կոչումնատէր հայորդիներ հետեւելով Իրենց ուսուցչին՝ նուիրուեցան Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր ծառայութեան…:
Այս դառն կորուստի կապակցութեամբ, երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազան Հօր հոգիի խաղաղութեանը համար առ Աստուած աղօթք բարձրացնող սգաւորներու բանակին, միացնելով նաեւ մեր սրտափուխ աղօթքները, Տիրոջմէ կը հայցենք Սուրբ Հոգիի մխիթարութիւնը յատկապէս վշտահար Տիրամօր Մարի Մութաֆեանին, երջանկայիշատակ Սրբազան Հօր արենակից ազգական ու հարազատներուն, Ձերդ Սրբազնութեանը, Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան հոգեւոր դասուն ու սգաւոր եւ ուխտապահ Պոլսահայ հաւատացեալներուն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Խոր վշտակցութեամբ՝
Շնորհք Քահանայ Չէքիճեան եւ
Երէցկինը Զեփիւռ
Ցիւրիխ, 12 Մարտ 2019