1967-ի Երուսաղէմի արաբ-հրեայ վեցօրեայ պատերազմէն ետք, երբ սաղիմահայը հրեաներու հետ սկսաւ շփում ունենալ, յանկարծ լօզունգ մը ծնաւ քաղաքին մէջ, թէ «Աստուած երկու հրեայ իրար խառնելով ստեղծած է սաղիմահայը”:
Պատերազմի օրերուն, աղմուկներու մէջ ծնած այդ լօզունգը, այդպէս ալ մառեցաւ: Թէ որքա՞ն ճիշտ էր վերոյիշեալ խօսքը, ականատեսի վկայութեամբ կրնանք ըսել, որ այն օրերուն՝ եղան քանի մը ճարպիկ ու շահամոլ հրեայ վաճառականներ, որոնք խաբուեցան վանքի հայ երիտասարդներէն:
Եթէ մեծ երգիծաբան՝ Նշան Պէշիկթաշլեանը ճանչնար երուսաղէմահայը եւ «Հայ Աղբրտիք” գիրքին մէջ տեղ տար սաղիմահայուն, հաւանաբար գրէր, որ Աստուած երկու հրեայ եւ երկու հրեշտակ իրար խառնելով ստեղծած է սաղիմահայը, որուն շնորհած է նաեւ զոյգ մը սուր ականջներ եւ սուր աչքեր, առանց մոռնալու նաեւ քիչ մըն ալ սուր հոտառութիւնը: Նկատի առնելով, որ Իր ստեղծած էակը անկատար մարսողութեան հարց ունէր, Աստուած անոր մարսողութեան գործարաններն ալ կատարելագործած է: Ու այդ օրէն սկսեալ երուսաղէմահայուն մէջ ամէն բամբասանք սկսած է դիւրաւ մարսուիլ, ապա որպէս նոր երգ՝ ծաղկիլ անոր շրթներուն վրայ:
Համեմուած բամբասանքներն ալ ան դիւրութեամբ վերածած է, որպէս «բանն ասանկ է”, այլ ո՛չ բամբասանք է:
Սակայն երբ Արարիչը հաւատք ալ փչած է սաղիմահայու ռունգերէն ներս, յանկարծ սատանան, որ կը սիրէ Աստուծոյ գործերուն ալ խառնուիլ… քանի մը սաղիմահայու ռունգերէն ներս մտած է, ու սուր պայքար տանելով հրեշտակներուն դէմ, դուրս վանած է անոնց, ու երկու հրեաներուն հետ համերաշխօրէն տեղաւորուած այդ մարդոց սրտին մէջ: Այս մասին «Սաղէմի Ջոջեր” խորագրով գիրք ալ հրատարակեցինք 2009 թուին, փաստելով, որ սատանան ալ հայր է եւ իր ձագուկները ունի:
Սաղիմահայը ընդհանրապէս կ’ապրի Սրբոց Յակոբեանց վանքին մէջ, կամ վանքին շուրջ՝ հայոց թաղերուն մէջ եւ կամ քաղաքի ծայրամասերը:
Վանքին մէջ ապրող հայը առաւօտ կանուխ կ’արթննայ վանքի կոչնակին զարկով: Իսկ հայոց թաղի բնակիչները… գէթ՝ մինչեւ 1970ական թուականները, սաղէմի միակ հայ կաթնավաճառին ագարակէն արշալոյսը աղաղակող աքլորին ձայնէն եւ կամ աղբահաւաքի պոռչըտուքէն, կախում ունի այլեւս թէ ո՞վ առաջ պիտի աղաղակէր:
Քանի մը վայրկեան աւելի քնացողներն անգամ կ’արթննային աղբահաւաքի աւանակի զռոցէն, եւ կամ թաղ ժամանած տաք «քաղէք” ծախողի աղաղակէն: Բայց ի վերայ այսու ամենայնի, կան նաեւ քաղաքի եկեղեցիներու զանգակները, որոնք կը ղօղանջեն առտու՝ իրիկուն:
Ու այս բոլորին հետ իսլամներու մզկիթներէն արձակուած շէյխէրու «էզզէնը”:
Տօնական, Կիրակի օրերը բացառութիւն մըն էին, երբ սաղիմահայերը կ՛արթննային բարեպաշտ Խորէնին շարականի երգեցողութեամբ եւ կամ եկեղեցիի հրաւէրով: Մանաւանդ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին՝ երբ իր քնքուշ ձայնով « Խնկի Ծառին” շարականը կ՛երգէր: Ու երբ առաւօտեան արշալոյսին իր ձայնին կը միանար Ս. Յակոբայ Տաճարի զանգերու ղօղանջը՝ կ՛արծես երկինքը բացուած ըլլար Հայ Երուսաղէմին վերեւ…
Չշարունակենք:
Անցա՜ն այդ անուշ օրերը, որոնց յիշատակը քաղցր աղօթքի պէս կը ջերմացնէ սիրտը անոնց, որոնք կը յիշեն հին օրերը սաղէմի:
* * *
Երուսաղէմահայը հաւատացեալ է եւ եկեղեցասէր: Կը սիրէ բոլոր սուրբերը, եւ եթէ օրին մէկը աշխարհիս երեսէն շոգիանան սուրբերը, ան կը ստեղծէ իր սուրբերը:
Երուսաղէմահայը իր զաւակներուն ու թոռներուն անունները կը կոչէ այդ սուրբերուն անունով: Անուններուն որոշումը կախեալ է նորածին երախային ծննդեան թուականէն, թէ ո՞ր սուրբին օրը կամ շաբաթը ծնաւ երեխան:
Ս. Ծննդեան եւ Մկրտութեան տօնին օրը ծնողները կը կոչուէին Աւետիս, կամ Յովհաննէս, Կարապետ եւ Մկրտիչ: Ս. Զատկուան շաբաթը ծնողները կը կոչուէին Յարութիւն: Ու այսպէս Ս. Յակոբին շաբաթը ծնողները, Յակոբ, Ս. Գէորգինը՝ Գէորգ, Ս. Սարգիսինը՝ Սարգիս, Դաւիթ Մարգարէինը՝ Դաւիթ եւայլն:
Նոյնպէս իգական սեռը… Ս. Աստուածածնի տօնին օրերը ծնողները կը կոչուէին Մարիամ կամ Մարի, Սրբուհի, Մաքրուհի, Սրբոց Վարդանանցի տօնին՝ Վարդանոյշ, Շուշան, Ս. Հռիփսիմէի տօնին շաբաթը՝ Հռիփ, Հուռի, եւ Յովակիմա եւ Աննայի Տօնին շաբաթը ծնողները, Յովակիմ, Աննա, եւայլն:
Իսկ եթէ ո՛չ տօնական ընթացքին ծնած է երախան, երուսաղէմահայը ցոյց կուտայ իր հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը, ու իր զաւակներուն կը կոչէ հայոց թագաւորներուն կամ թագուհիներուն անուններով: Աբգար, Տիգրան, Լեւոն, Աշխէն, Զապէլ, Թագուհի եւայլն:
Սակայն այս բոլոր անունները այնքա՜ն դժուարութիւն յարուցանեցին վանքէն ներս, որ սաղիմահայը փորձեց տարբեր անուններով զատորոշել այդ մարդիկը: Անուննե՜ր… որոնք Աստուծոյ պարգեւած մարսողութեան շնորհիւ, դիւրաւ ընկալուեցան բոլորին կողմէ:
Օրինակ՝ վանքին մէջ այնքա՜ն Մարիամներ կային, որ դժուար էր կռահել թէ ո՞ր Մարիամին մասին էր խօսքը: Ու այսպէս անուանեցին Անուշիկ Մարիամ, Ղարղա Մարիամ, Թէմիզ Մարիամ, Պէլիքլի Մարիամ, Կայծակ Մարիամ, Ղաւաս Մարիամ, Ուզուն Մարիամ, եւայլն:
Նոյնն էր պարագան վանքի Տիգրաններուն… Արապաճի Տիգրան, Լէհմէճունճի Տիգրան, Մսրցի Տիգրան, Ղաւաս Տիգրան եւայլն: Ու տակաւին… Յովսէփ Գեղեցիկ, Գագլան Կարօ, Կլլիկ, Աթոռ Ծակող, Պօյաճի Յակոբ, Էշշէկ Դաւիթ, եւայլն:
* * *
Մեր օրերուն, նորածին երախային դաստիարակելու համար, այնպիսի գրականութիւն ու դաստիարակչական մեթոտներ կան, որ 20-րդ դարուն, սաղիմահայուն զլացուեցան այդ բոլորը:
Օրինակ այս օրերուն երախայի մը գործած մէկ չարութեան համար, բժիշկը կը թելադրէ եղեր ծնողքին time-out ըսել կամ դադար տալ երախային խաղին, ու պատժել 10 վայրկեանով, մինչդեռ երուսաղէմի մէջ չար երախային, ոչ միայն ծէծով կը դաստիարակէին… այլ «մուկերուն ծակ”ին ծանօթութեամբ վախ ու սարսափ կ’ազդէին երախային վրան, որ չարութիւն չըներ, այլապէս « մուկերուն ծակը” պիտի երթար: Եւ ո՞ւր չկար մուկերուն ծակ… որ փոքրերուն անծանօթ ըլլար:
Այն օրերուն, վանքի կամ հայոց թաղի փոքրերուն համար, ամենահաճելի խաղերը, ֆութպօլն էր, գնդիկը, ինը քարը, կամ կաշիի հին ու աղտոտ կտոր մը, որ մէկ ոտքով «գիծ խաղալ” կը նշանակէր: Իսկ աւելի չարերուն համար, հայոց թաղ ժամանած արաբ վաճառականներուն աւանակին չարչարանքը: Այս խաղերէն անդին, տակաւին կային «Սաղէմի Խոնարհ”ներուն հաճելի խաղերը, Յովսէփ Գեղեցիկին, Բեննիկին… եւայլն, որոնց մասին վերոյիշեալ խորագրով գիրք ալ հրատարակեցինք 1999ին:
Վանքի այդ հայաբոյր ու կրօնաբոյր եւ սակայն միօրինակ կեանքին մէջ էր, որ մանկութիւն չտեսած սերունդի մը զաւակները հասակ առին վանքի Մեծ Բակին մէջ, ու իրենց միտքը ակօսեցին Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանին մէջ:
* * *
Երուսաղէմահայը մեծ ընտանիք մըն է:
Աշխարհի վրայ չկայ այսքան մեծ ընտանիք՝ որ երուսաղէմահայոց գաղութին նման ըլլայ, խինդ ու ժպիտով, վիշտ ու արցունքով: Եղեռնէն ճողոպրած համայնք մը՝ Մարաշէն, Այնթապէն, Ատանայէն, Զէյթունէն, Վանէն… որոնք տեղացի հայ քաղաքացիներուն հետ միասին կը կազմեն երուսաղէմահայոց մեծ ընտանիքը: Երբ մէկը ծնի, բոլորը կ’ուրախանան: Երբ հարսանիք ըլլայ, ամէն մարդ հարսնեւոր է: Երբ թաղում ըլլայ, ամէն մարդ սգաւոր կը դառնայ:
Բոլորը մկրտուած են նոյն աւազանին մէջ, յաճախած են նոյն դպրոցը, ունեցած են նոյն ուսուցիչները ու դաստիարակուած նոյն մեթոտով: Յաճախած են նոյն եկեղեցին: Միասին են երգած աղօթքներն ու շարականները: Միասին են պաշտպանած հայոց իրաւունքները Սուրբ Քաղաքին մէջ: Երբ գաղթած են օտար երկիրներ, իրա՜ր են փնտռած, իրար հետ վերապրած վանքի հի՜ն ու անոյշ օրերը, ու ովկիանոսներով անդին ստեղծած իրենց Հայ Երուսաղէմը:
* * *
Երուսաղէմահայը բուսակերութեան հետ միատեղ մսակեր է… եւ եթէ միս չգտնեն, կրնան նաեւ իրար միս ալ ուտել… բերնէ բերան, միութենական հարցերով եւ մասամբ նորին, դրացիական հարցերով եւ մասամբ նորին, սիրոյ հարցերով եւ մասամբ նորին…:
Այս ըսելով, սխալ չհասկցուինք: Երուսաղէմահայը ո՛չ կռուարար է եւ ո՛չ ալ եղբայրասպան: Պարզապէս դիւրազգաց է, դիւրաբորբոք, դիւրագրգիռ, դիւրահաւատ, դիւրահաւան, դիւրափոփոխ, ահա թէ ինչո՞ւ ան նաեւ դիւրըմբռնելի է եւ դիւրիմաց, դիւրընթեռնելի է եւ դիւրընկալ:
* * *
Երուսաղէմահայը հպարտ է իր ծննդավայրով, առանց սակայն հասկնալու եւ ըմբռնելու Սիոնի գագաթին վրայ գտնուող «կտոր մը Հայաստան”ի եւ սուրբ հողին իմաստն ու արժէքը:
Ամէն երուսաղէմահայ բնազդաբար դեսպանն է Հայ Երուսաղէմին:
Երուսաղէմը ճանչնալու համար, պայման չէ Երուսաղէմ երթալ: Բաւ է հանդիպիլ երուսաղէմահայու մը եւ ան քեզի ժամերով կրնայ խօսիլ Հայ Երուսաղէմին մասին… Քրիստոսակոխ բոլո՜ր սրբավայրերուն մասին… ուր հայերը ի՜նչ իրաւունքներ ու իրաւասութիւններ ունին… հայոց վանքին մասին… պատրիարքութեան մասին եւ վերջապէս Սուրբ Գլխադրին մասին, առանց մոռնալու Սուրբ Գլխադրին հանդէպ իր ունեցած հաւատքէն կտոր մը սերմանելու քու հոգիիդ մէջ: Ահա այս ծանօթութենէն ետք, ունկնդրողին հոգին կը փոթորկի, կ’ալեկոծի, իր մէջ կ’արթննայ իր պապերուն հաւատքը որ կը խօսի իրեն, եւ որ օր մըն ալ Քրիստոնէական փոթորկահարութեամբ զինք ուխտաւորաբար կ’առաջնորդէ Սուրբ Քաղաքը տեսնելու:
* * *
Երուսաղէմահայուն աչքէն բան չի վրիպիր: Եթէ նոյնիսկ վրիպի, ինք կը ստեղծէ այդ նորը… եւ շնորհիւ բամբասանքի յատկութեան, դիւրաւ կը մարսուի բոլորին կողմէ:
Վանքին թաղերը կամ նեղ անցքերը… քովէ քով սենեակները, ականջներ ունին պատերուն վրայ, զոր Աստուած սաղիմահայուն համար ստեղծած աւելորդ ականջները նետելու փոխարէն, աներեւութաբար փակցուցած է վանքին պատերուն վրայ: Ամէն անց ու դարձ ան կը լսէ… իր տանը մէջ նստած: Եթէ տանը մէջ չլսէ, բա՛ւ է վանքին դրան առջեւ կենալ քանի մը վայրկեան, եւ այդ ատեն, ո՛չ միայն կը լսէ, այլ կը տեսնէ բոլոր անոնց, որոնց մասին ինչե՜ր լսած էր գիշեր մը առաջ: Ի՜նչ փոյթ, եթէ նոյնիսկ ան վանքէն հեռո՜ւ կ’ապրի, թէկուզ երկրէն ալ դուրս… սաղիմահայը կը լսէ ուր որ ալ գտնուի… թէկուզ աշխարհի հեռաւո՜ր մէկ անկիւնը, ուր ան ստեղծած է իր վանքը, իր Երուսաղէմը, որուն կարօտովը կ’ապրի:
Երուսաղէմահայուն կեանքի անդորրը յաճախ խանգարուած է արաբ-հրեայ պատերազմի հետեւանքով, իսկ երբ պատերազմ չէ եղած, ինք խանգարած է հայ կեանքի անդորրը, ծանօթ՝ «Տիրան-Եղիշէ” պատրիարքական ընտրապայքարով:
* * *
Երուսաղէմահայը յարգանք եւ սէր ունի Քրիստոնէական առաջին Սուրբ Աթոռին հանդէպ ու յատկապէս անոր արժանաւոր գահակալներուն, Գրիգոր Շղթայակիրի, Գրիգոր Պարոն Տէրի, Եղիշէ Դուրեանի, որոնց անունները ան կը յիշատակէ յատուկ երախտագիտութեամբ:
Երուսաղէմահայը այնքա՜ն յարգանք կը տածէ հայ կղերին հանդէպ, որ կրնայ սրբացնել իր սիրած վարդապետը « հայր-սուրբ” կոչումով, եւ կամ վանքի Պատրիարքը, որպէս «պապա մարդ” անուանելով:
Իսկ կրնայ եւ «սատանայացնել” եթէ իր չսիրած կղերը ըլլայ:
_ «Մենք ասոնց հետ վանք ապրեր ենք, ասոնց ի՞նչ ըլլալը մենք գիտենք” ըսելով, ականատեսի վկայութեամբ լորձնաշուրթն կրնան հաստատել վանքէն ներս «սըպրդած”ները, որոնք թէպէտ բախտը չեն ունեցած Երուսաղէմ ծնելու, եւ սակայն աւելի ուշ գալով Երուսաղէմ, սատանան յաջողած է վանքի ձեռագիրներն ու ադամանդակուռ սկիհները ծախող «խաչա-գող”ներուն ալ ռունգերէն ներս մտնել ու տեղաւորուիլ անոնց սրտերուն մէջ… պատմութիւնը վկայ:
* * *
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը պատմականօրէն եւ արդարօրէն կը կոչուի «Զինուորեալ Միաբանութիւն”, քանզի դարերով պաշտպանած են հայոց եկեղեցիներն ու վանքերը եւ մանաւանդ հայոց իրաւունքներն ու իրաւասութիւնները Քրիստոսակոխ սրբավայրերուն մէջ:
Ու որպէս Քրիստոսի եւ Աւետարանի հաւատարիմ «զինուոր”ներ փոխանակ հոգեւոր պատերազմի մէջ ըլլալու սատանային դէմ, յաճախ «պատերազմ”ի մէջ եղած են «հոգեւոր եղբայր ի Քրիստոս” հոգեւորականներու դէմ… հոգեւոր տան մէջ: Ահա թէ ինչո՞ւ իր մէջէն չէ վանած «հին մարդ”ը, երբ հրաւիրուած է զգետնելու Աւետարանի մշակ ըլլալու «նոր մարդ”ը: Ահա այս երկու մարդերն են իր մէջ… որ կը ծառայեն երկու տիրոջ, մէկը Աստուծոյ, միւսը…: Ինչպէս սպիտակն ու գունաւորը կարելի չէ լուալ միասին, արդար ըլլալու համար ըսենք, որ այս տարազը կարելի չէ հագցնել անոնց, որոնք ճշմարտապէս եւ ո՛չ կարծէօք «բարի հովիւ”ներ են ու հոգեւոր կեանքի ծառայութեան մէջ կը գտնեն հաճոյքը կեանքի:
* * *
Երուսաղէմահայը ծանօթ է դժոխքին, առանց դժոխք երթալու: Երուսաղէմի Ս. Էջմիածնի եկեղեցւոյ մէջ պատէն կախուած կիսաբոլորաձեւ դժոխքի նկարը՝ բաւ եղած է անոր դժոխքի ծանօթութեան, բնակիչներուն… կրակին ու բոցին… սատանաներուն, որոնք հետագային մաս կազմած են իր կեանքին: Իր մեղքերու քաւութեան համար տասնեակ մը մոմ կը վառէ Ս. Գլխադրի մատռան մէջ, իսկ իր մեղքերը կը լուայ ամէն ամանորին՝ Յորդանան Գետի օրհնուած ջուրով, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ:
Այդ օր, Աստուած անգամ մը եւս կը յայտնուի երուսաղէմահայուն յիշեցնելու համար Պօղոս Առաքեալի երկրորդ նամակը Տիմոթէոսին:
“Իբրեւ Քրիստոս Յիսուսի հաւատարիմ մէկ զինուորը, պատրաստ եղիր իրեն պէս չարչարուելու: Զինուորական ծառայութիւն ընողը քաղաքացիական զբաղումներէն հեռու կը մնայ, իր զօրավարին աչքը մտնելու համար: Նոյնպէս ալ, ոեւէ մարզիկ մրցանակին չի կրնար տիրանալ՝ եթէ դրուած կանոններուն համաձայն չմրցի: Ծանր աշխատանքը տանող հողագործը նախ ինք արժանի է արտին բերքէն վայելելու: Հասկցի՛ր ինչ որ ըսել կ’ուզեմ, որովհետեւ Տէրը քեզի իմաստութիւն պիտի տայ որ հասկնաս ամէն ինչ”:
Ու «աստուածային շնորհքով եւ ի վերուստ տրուած այդ իմաստութեամբ” եղան «զինուոր”ներ, որոնք ո՛չ միայն հեռո՜ւ մնացին քաղաքացիական զբաղումներէ, այլ անտեսելով դրուած կանոնները, որպէս «ծանր աշխատանք” տանող հողագործներ, « վանքի բերքը” վայելեցին, եւ կողոպտելէ ետք արկղը վանքին… անհետացան մութին մէջ:
Երուսաղէմահայը երբ Փորձութեան լեռ բարձրանայ, ինքզինք աւելի մօտ զգալով Աստուծոյ, գլուխը վեր կը պահէ ու աչքերը երկինք յառած կ’աղօթէ, փախուստի մատնելով սատանաները: Իսկ երբ լեռնէն վար իջնայ, դէպի Երուսաղէմ ճամբուն վրայ կ’ընկերակցի քանի մը սատանաներու, իր գլուխը պահելու համար Երուսաղէմի մէջ:
* * *
Երուսաղէմահայը առհասարակ վաճառական է: Ոսկերիչ, դերձակ, լուսանկարիչ, ժամագործ եւ կօշիկի վաճառական:
Սաղիմահայը հաւատարիմ է, ու ժողովրդային ասացուածքով, «աչքը կուշտ” է, քանզի Աստուած այդպէս է ստեղծած Իր էակը:
Երուսաղէմահայը հաւատարիմ է նաեւ սիրոյ մէջ: Իր սիրած առաջին էակը հրեշտակ մըն է իրեն համար, որ կը պահէ իր սրտին մէկ անկիւնը… գաղտնաբար, նկատի ունենալով որ Երուսաղէմի պատերը ականջ ունին:
Ու երբ տարիներ վերջ հանդիպի իր սիրած աղջկան, կը խոստովանի առաջին սէրը… պատռելով վարագոյրը պղատոնական սիրոյ: Ու Աստուած գիտէ… ինչքա՜ն այլ սէրէր ծաղկած էին վանքի Չամթաղի ծառերուն տակ, ու հետագային փշրուած փխրուն քարերու նման:
Երուսաղէմահայը ազգասէր է ու հայրենասէր: Օտար ամուսնութիւն կնքելու պարագային, ան երբեք չի հեռանար իր արմատներէն, իր լեզուէն ու մշակոյթէն, այլ իր կողակիցը կը հայացնէ իր բոլոր պատկանելիութիւններով, իր զաւակներն անգամ պահելով ազգին ծոցին մէջ:
Պաղեստինի մէջ ծնած ու ապրած սաղիմահայը, որուն արմատները կ’երթան մինչեւ ԺԱ կամ ԺԲ դար, հայկական վարժարանի չգոյութեան պատճառաւ, աւելի տիրապետած էր արաբերէն լեզուին: Եւ որքա՜ն ալ ջանք թափէր հայերէն խօսելու ու հայերէնով արտայայտուելու, ոսկեղնիկը դժուար կը ծաղկէր իր շրթներուն վրայ: Մինչ եղեռն տեսած սերունդը… հակառակ միջին արեւելեան այլ հայաշատ քաղաքներու, գաղթական սաղիմահայը հեռո՜ւ մնաց թրքախօսութենէ:
Եւ ինչպէս ամէն հայկական գաւառ ունէր իր բարբառը, այնպէս ալ երուսաղէմի տեղացի հայերը ունէին իրենց բարբառը, երբ հայ գաղթականի մը կամ հայ վարդապետի մը հետ կը խօսէին հայերէն լեզուով, արաբերէնէ թարգմանելով իրենց միտքը:
Երբ տօնական օրերուն հայ վարդապետը տունը այցելէր, հիւրասէր երուսաղէմացին հարց կու տար…
_ Ջարդեմ քեզի կ’ուտե՞ս խիյար: կամ…
_ Խիյար սրբազան ջարդեմ կ’ուտե՞ս:
_ Հայրսուրբ բերեմ քեզի անկէ որ կ’ընէ ֆըշ ֆըշ: (օդը տաք ըլլալով կ’ուզէր զովացուցիչ հրամցնել:)
Ի տես գաղթական սերունդի զաւակներուն յառաջդիմութեան ան կ’ըսէ…
_ Գաղթականները գացին եկան առանց վարտիկ, եղան մարդիկ: (ոչինչով ժամանած գաղթական հայերը, մարդ դարձած են:)
Քաղաքի յորդառատ անձրեւներուն եւ պատճառած վտանգին համար, կը զգուշացնէ շրջապատը, ըսելով…
_ Այս տարի անձրեւները եկեր են շատ շատ, հորերը լեցուէր են լթմմօ, կարեվորութիւնը ըսեր է, ջուրերը տապկէք ու խմէք: (ըսել կ’ուզէր, որ յորդառատ անձրեւներուն պատճառաւ, հորերը մինչեւ բերան լեցուած են ու կառավարութիւնը հրահանգած է ջուրերը եռացնել ապա խմել:)
Եւ վերջապէս պատերազմի նպաստընկալ օրերուն իր փափաքը կ՛արտայայտէ ըսելով…
_ Ասիկա ի՞նչ է Տէր Հայր, ամէնուն խոթեցիր եւ ինծի չխոթեցիր: (Պատերազմի օրերուն հայոց վանքը բոլոր ժողովուրդին նպաստ կը բաժնէր: Մինչ վարդապետ մը կ՛արձանագրէ անունները կարիքաւորներուն, կին մը կը մօտենայ ու կը փափաքի որ իր անունն ալ արձանագրէ վարդապետը:)
Հիւրընկալ քաղաքացի հայը, երբ հայոց թաղ ժամանած ծանօթ մը տեսնէ, կը հրաւիրէ իր տունը ըսելով…
_ Մեր վրայէն ալ անցիր,,, կամ՝ Մեր վրան ալ չե՞ս գար:
Վերոյիշեալ բարբառը, որքան ալ ծիծաղելի թուէր երէկ եւ կամ այսօր, կը մնայ երուսաղէմահայուն լեզուին հարստութիւնը… ի՜նչ փոյթ եթէ այսօր ականջ տանք նոր սերունդին խօսած հայերէնին… հայերէն բառերը դժուա՜ր թէ իրենց «քիմքը օծէ եւ կամ սիրտն իրենց սփոփէ” ինչպէս պիտի ըսէր բանաստեղծ Վահան Թէքէեան:
* * *
Իր հողին վրայ ան կոտորակուած կեանք մը կ’ապրի, իսկ օտար հողին վրայ միութեան ջատագով մըն է:
Երուսաղէմահայը եկեղեցասէր ըլլալուն չափ ալ «միութենասէր” է, երբ… հայ ազգի նահատակներուն յիշատակը կը ոգեկոչէ: Թէպէտ միութիւնէն աւելի կը սիրէ իր յաճախած ակումբը ու ակումբէն աւելի իրեն համախոհ խաղընկերները: Հակառակ գրասէր չըլլալուն, գիրք կը կարդայ եթէ… տրամադրուի իրեն:
* * *
Առհասարակ համեստ է… իր շրջապատին մէջ:
Իսկ անկէ դուրս ունի իր հպարտութիւնը, որ մաս կը կազմէ օտարին վերէն նայելու իր խառնուածքին: Քիթը մեծ չէ, բայց սուր է հոտառութիւնը հոգեւոր կեանքին մէջ, ի՜նչ փոյթ, եթէ ան Ս. Յակոբի շուքին տակ ապրելով հանդերձ, հեռու է հոգեւոր կեանքի տասնաբանեայէն: Զգայուն է սիրտը, որ կը փափախէ ազգին համար, ու ազգէն աւելի Սուրբ Յակոբին ու Սուրբ Գլխադրին համար:
Քաղաքական աննպաստ պայմաններու մէջ ապրելով, իր կեանքը «մեռեալ ծով” մըն է, ուր չի կրնար լողալ իր ուզածին պէս, եւ որուն աղը մերթ կ’այրէ իր մարմինը ու մերթ կ’ամոքէ իր ցաւերը սաղիմական աւանդութիւններով, միութենական ձեռնարկներով, բայց մանաւանդ ուխտաւորներու հոսքով, որոնք քիչ մը «արեւ” կը բերեն Հայ Երուսաղէմի ամպամած երկնքին:
Երուսաղէմահայը իր կեանքը չի կրնար երեւակայել առանց հոգեւոր կեանքի: Այդ իսկ պատճառաւ իր կեանքէն անպակաս են հոգեւորականները եւ հոգեւորականներուն ո՛չ այնքան հոգեւոր կեանքի համեմուած դրուագները:
Երուսաղէմահայը աւանդապաշտ է: Աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուի ան, կը փնտռէ Երուսաղէմի հին տոմարի աւանդութիւնները: Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան արարողութիւնները, Աւագ Շաբթու եւ Ճրագալոյցի հոգեզմայլ արարողութիւնները, Համբարձման Տօնի եւ կամ Ս. Աստուածամօր Տօնի հանդիսութիւնները:
Ամէն երուսաղէմահայ առանց չափազանցութեան դպիր է: Գէթ քանի մը անգամ շապիկ հագած է եկեղեցւոյ մէջ, ու մասնակցած Ս. Յարութեան տաճարի թափօրներուն եւ կամ «իրաւունք”ի կռիւներուն:
Երուսաղէմահայը Ս. Պատարագը անգիր գիտէ: Գիտէ նաեւ եկեղեցական գլխաւոր տօներու աւանդութիւններն ու շարականները: Եթէ եկեղեցի չերթայ, ան իր տունը կը կատարէ իր «պատարագը”:
Իրեն համար եկեղեցին Աստուծոյ Տունն է: Ամէն եկեղեցի ան կը բաղդատէ Երուսաղէմի իր Ս. Յակոբայ տաճարին հետ, որուն արծաթեայ կանթեղներուն լոյսը եւ գմբէթի պատուհանէն արեւին շողարձակուած ճառագայթները, տաճարի խորհրդաւորութիւնը, խնկաբոյր աղօթքներուն ու շարականներուն հետ լեցուցած են իր սիրտը, հոգին ու ականջները:
Օտար ափերու վրայ երուսաղէմահայը երբ եկեղեցի երթայ, մանաւանդ Աւագ Շաբթու ընթացքին, անպայման կը վերյիշէ վանքի օրերը… իր կեցած տեղէն կը ձայնակցի դպրաց դասի երգեցողութեան եւ յետոյ սրտնեղած դուրս կու գայ եկեղեցիէն, ըսելով…
– Այսպէս ոտնլուա՞յ մը կ’ըլլայ, հոգին սիրեմ ես մեր երուսաղէմին, ի՜նչ խորհրդաւոր կ’ըլլար ոտնլուան:
Իսկ Զատիկին օրը, աւելի սրտնեղած կ’ըսէ…
_ Երուսաղէմ ի՜նչ աղուոր էր, Ս. Յարութիւն կ’երթայինք, Շաբաթ կէսօր Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանէն լոյսը կ’ելլեր, քանի մը յոյն կը ծէծէինք, ապա շարականներ երգելով թափօր կը դառնայինք Քրիստոսի գերեզմանին շուրջ… ու լոյսը առած վանք կը վերադառնայինք: Համ հոտ կար, կը զգայինք որ Զատիկ էր: Այստեղ, ո՛չ ալ կը զգաս տօնական օրերը:
Տօնե՜ր ու աւանդութիւններ որոնք կը ջերմացնեն սաղիմահայուն կեանքը… երուսաղէմէն ալ անդին:
Երուսաղէմահայը չի մոռնար Երուսաղէմը, որովհետեւ իր ականջներուն օղ եղած են Աստուածաշնչեան խօսքը, «Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, եթէ քեզ մոռնամ, լեզուս քիմքիս կպչի”:
Եւ եթէ կան բաներ, որոնք երբե՛ք չի մոռնար սաղիմահայը, այն ալ Սուրբ Գլխադիրն է, Սուրբ Յակոբի զանգակներուն ձայնն է, վանքի կոչնակին ձայնն է, որ կարծես իրեն կը կանչէ ամէն սաղիմահայ… ովկիանոսներէն ալ անդին:
Գրեց՝ Նահապետ Մելքոնեան, Յունիս 2013
www.keghart.com/Melkonian-Jerusalem
*
Սիրոյ Ներբող / Das Wichtigste ist die Liebe / L’amour
Nationalhymne von Armenien
Völkermord an den Armeniern / Հայոց Ցեղասպանութիւն
Berg-Karabagh (Artzakh) / Արցախ
Links / Կապեր
Presse / Radiosender / TV
Khatchkar / Chatschkar (Armenische Kreuzsteine) / Խաչքար
Zeittafel / Ժամանակագրութիւն
Akhtamar Kirche / Աղթամարի Եկեղեցին
Verschiedenes / Այլազան
*
Vater Unser / Հայր Մեր
Hymnen (videos) / Պատարագ, Շարականք, Մեղեդիք
Hagiodies / Սրբասացութիւններ
Արեւագալ / Arewakal / Sonnenaufgangshymne
Hochzeitshymne / Հարսանեկան Շարականներ
*
Die erste Weltkarte / Աշխարհի Ա. Քարտեսը
Խոհեր ու Մտքեր
Օգտակար ու Պիտանի Կայքեր
Empfehlungen