Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ Պատէնի մէջ (19.1.2020)

Խմբանկար՝ Պատարագիչ Հայ Սուրբը, տեղւոյն հոգեւոր հովիւը,
դպրիներն ու խումբ մը հայորդիներ միասնաբար:

Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ Պատէնի մէջ

          19 Յունուար 2020 Կիրակի օր Նուսսպաումէն Պատէնի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Օրուան Պատարագիչն էր Զուիցերիոյ Թեմի առաջնորդական տեղապահ եւ Ժնեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան որ նաեւ յաւուր պատշաճի քարոզեց: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները Կոմիտասեան եղանակով եւ ներդաշնակ կերպով կատարուեցան Գերմանախօս շրջանի կամաւոր դպիր ու դպրուհիներու կողմէ ղեկավարութեամբ ու երգեհոնահարութեամբ Արժ. Տ. Շնորհք քահանայ Չէքիճեանի:

     Ս. Պատարագին աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերուն զոհուած նահատակ հայորդեաց 30-րդ, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինքի սպանման 13.րդ տարելիցներուն առիթով:

  Յաւարտ եկեղեցական արարողու-թեանց գերմանախօս Զուիցերիոյ եկեղեցասէր տիկնանց կողմէ պատրաստուած էր նաեւ «Սիրոյ Սեղան» զոր կայացաւ եկեղեցւոյ կից ընդարձակ սրահին մէջ:

       Սրահի մէջ Տիկին Յասմիկ Իմէր-Կիւզէլեան ընթերցեց իր վերջերս մահացած մօր բանաստեղծուհի Վսեմուհի Զուրիկեան-Եարմանի գրի առած ու Կոմիտաս Վարդապետին նուիրուած շատ յուզիչ ոտանաւոր մը զոր ներկաներու բարձր գնահատանքին արժանացաւ:

        Այսպիսով իր աւարտին հասաւ դրական տրամադրութիւններով լի Կիրակի օր մը: