ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ
Այս անունը կը տրուի Քրիստոսի քառասնօրեայ ի տաճար ընծայուելուն յիշատակին, որ է Գալուստ քառասնօրեայ ի տաճարն:
Տեառնընդառաջ անունը իբր « ելանել ընդ առաջ Տեառն» թէեւ կրնայ ողղակի այդ քրիստոսական տնօրինութենէն ծագած ըլլալ, բայց ըստ մեզ հաւանական է թէ սա ալ հին հեթանոսական տօներէն մնացած անուն մըն է, Տիր աստուծոյն ի պատիւ տօնի մը անունը՝ որ Տեառն Քրիստոսի տօնին փոխուած է: Այդ կարծիքն աւելի հաստատութիւն կը գտնէ ժողովուրդին բերնին մէջ գործածուած Տէրնտաս անունով զոր հնար չէ պարզ աղաւաղում մը նկատել:
ԳԱԼՈՒՍՏ ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ Ի ՏԱՃԱՐՆ
Հրէական օրէնքը կը հրամայէր որ ամէն մայր տղաբերքէն քառասուն օր ետքը տաճար ներկայանար եւ օրինական զոհը մատուցուէր ու սրբուեր, նորածինն ալ միասին տաճար բերելով օրհնել տար քահանային:
Միւս կողմէ ուրիշ օրէնք մը կը հրամայէր որ անդրանիկները ընծայուէին ի ծառայութիւն տաճարին: Իսկ երբ Ղեւեայ ցեղն ամբողջովին տաճարի ծառայութեան նուիրուեցաւ, ծնողք պարտաւոր մնացին իրենց անդրանիկներուն համար փրկանք մը տալ ի նպաստ Ղեւտացւոց եւ անդրանիկն ազատել: Այդ երկու օրէնքի կատարումն էր որ ըրաւ Մարիամ Աստուածածին, Քրիսոտոսի Ծննդեան Քառասունքը լրանալուն:
Ուրիշ եկեղեցիներ Տիրամօր անունէն առնելով՝ այդ տօնը Ներկայացում կամ Սրբութիւն Ս. Կուսին կը կոչեն իսկ մենք Քրիստոսէն առնելով կ՝ըսենք Քառասնօրեայ Գալուստ ի Տաճարն:
Տօնը կը կատարուի հաստատուն կերպով Փետրուար 14-ին որ է քառասներորդ օր Յունուար 6-էն հաշուելով իսկ յոյնք եւ լատինք Դեկտեմբեր 25-էն հաշուելով Փետրուար 2-ին կը կատարեն:
Տօնը կը կատարուի անխափան եթէ Առաջաւորաց կամ Մեծ Պահոց մէջ ալ հանդիպի եւ այն օրը ապաշխարութեան ու սգոյ ձեւակերպութիւնները կ՝ընդհատուին:
Այդ տօնը կը կոչուի սովորաբար Տեառնընդառաջ եւ ժողովրդական ձայնաշրջմամբ Տէրնտաս:
Աղբիւր: Ծիսական Բառարան (Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեան)
Անուանակոչութիւն (Տօնելի են հետեւեալ անունները) : Սիմէոն, Ծերունի, Հրաչ, Հրայր, Հրանդ, Հրահատ, Հրաչուհի, Հրաչիկ, Հրանուշ, Հրանդիկ, Կայծակ, Շանթ, Փայլիկ, Փայլինէ, Փայլակ: ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԲՈԼՈՐԻՆ
Namenstage: Simeon, Dzeruni, Hratsch, Hrayr, Hrant, Hrahad, Hratschuhi, Hratshcig, Hranush, Hrantig, Gaydzag, Shant, Paylig, Payliné, Paylag. Glückwünsche zum Namenstag!
Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեան, Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք (Ծնած, 23 Փետրուար 1841, ի Կոստանդնուպոլիս – վախճանած 19 Նոյեմբեր 1918, ի Ստամպուլ, Օսմանեան կայսրութիւն): Աստուածաբան, հայագետ, պատմաբան, բանասեր, հրապարակախոս, ազգային պահպանողական ուղղութեան հասարակական գործիչ։ (Վիքիբեդիա)