Զատկական Սուրբ Պատարագ Ցիւռիխի մէջ
Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեանի հանդիսապետութեամբ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնին առթիւ Ցիւրիխ քաղաքի արուարձաններէն Տիւպէնտօրֆ գիւղաքաղաքի մէջ տեղի ունեցաւ Զատկական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:
Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շնորհք Քհն. Չէքիճեան: Սուրբ սեղանին սպասարկեցին բարեկրօն ուրարակիր դպիրներ Յարութիւն Մէնէթեան եւ Սերովբէ Տէվլէթօղլուն եւ դպիր Ալէն Մէնէթեան:
Իսկ Գերմանախօս Զուիցերիոյ զանազան վայրերէն ժամանած երգչախումբի անդամ ու անդամուհիներու մասնակցութեամբ՝ կատարուած Ս. Պատարագի ղեկավարն էր Տիկին Իլտա Մէնէթեան:
Ս. Պատարագի աւարտին հաւատացեալներ հրաւիրուեցան եկեղեցւոյ յարակից սրահը, ուր առաջնորդական փոխանորդ Հայր Սուրբի ձեռամբ կատարուեցաւ աւանդական տնօրհնէքի արարողութիւնը:
Ներկաներ առիթ ունեցան ուրախ մթնոլորտի մը մէջ իրարու Զատիկը շնորհաւորելու եւ միասնաբար աքօրտէօնի (ձեռնադաշնակ) ընկերակցութեամբ հայերէն գեղեցիկ երգեր երգելու:
Առաջնորդական փոխանորդի ներկայութիւնը առիթ դարձաւ որ Ցիւռիխի այս տարուան Սուրբ Զատիկի տօնակատարութիւնները աւելի եւս խանդավառ անցնին: Ներկաներ ուրախ տրամադրութիւններով մեկնեցան իրենց տուները:
Ցիւռիխ, 31 Մարտ 2024
Heilige Ostermesse
Զատկական Ս. Պատարագ
Surp Zadig Badarak
Ostersonntag, Auferstehung Christi
Heilige Ostermesse
Hiermit teilen wir Ihnen mit, dass am Sonntag 31. März 2024 in der Röm. Katholische Kirche, Leepüntstrasse, 8600 Dübendorf eine Heilige Ostermesse durchgeführt wird.
Die Hl. Messe wird um 15.00 Uhr stattfinden.
Zum ersten Mal wird dabei der Locum tenens unserer Diözese, Archimandrit Goossan Aldjanian anwesend sein.
Wir laden Sie herzlich ein, diesen Tag mit uns zu verbringen, und freuen uns auf ein zahlreiches Erscheinen.
P.S. Nach der heiligen Ostermesse wird im Kermes-Saal ein Ostern-Apèro stattfinden.
* * *
Տօն Յարութեան
Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի
Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան
Տաղաւար Տօնի Սուրբ Պատարագ
Այսու կը հաղորդենք թէ Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան Տօնին առթիւ 31 Մարտ 2024 Կիրակի ժամը 15.00-ին տեղի կ՝ունենայ Զատկական Ս. Պատարագ Dübendorf-ի եկեղեցւոյ մէջ:
Sonntag, 31. März 2024, um 15.00 Uhr
in der Röm. Kath. Kirche,
Leepüntstrasse, 8600 Dübendorf/Zürich
Այս տարուան Զատկական Ս. Պատարագին կը հանդիսապետէ ու կը քարոզէ Զուիցերիոյ Թեմի առաջնորդական տեղապահ Հոգշ. Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեանը:
Կը փափաքինք որ Ձեր եւ Ձեր զաւակներու ալ հոծ բազմութեամբ եւ միասնաբար տօնենք Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը:
Հետեւաբար սիրով կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ հաւատացեալները մասնակցելու տաղաւարի սոյն Ս. Պատարագին, ինչպէս նաեւ յաւարտ Ս. Պատարագի Զատկական ընդունելութեան զոր տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ յարակից (տօնավաճառի) սրահին մէջ: