* * *
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
Հանգուցեալ Տիկին Տիգրանուհին միշտ եղաւ հաւատարիմ անդամը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ:
Հակառակ վերջին ժամանակներու կրած իր ծանր վիրահատութեանց ու առողջական հարցերուն երբեք չի կորսնցուց իր խորունկ հաւատքը առ Աստուած:
Մինչեւ վերջին շունջը իր շրթունքներէն անպակաս էր «Փառք Աստուծոյ» գոհաբանութիւնը:
Հանգուցեալ Տիկին Տիգրանուհին հանդիսացաւ այն տիպար ու ազգասէր հաւատացեալ հայուհին զոր կրթեց նաեւ իր զաւակներն ու թոռնիկները հայեցի դաստիարակութեամբ:
Տէրը իր երկնային անթառամ պսակին արժանի ընէ հանգուցեալի հոգին:
Այս տխուր կապակցութեամբ խոր ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն:
Աստուած հոգին լուսաւորէ
Հոգեւոր Հովիւ Շնորհք Քահանայ Չէքիճեան եւ Երեցկինը Զեփիւռ
Ս. Սարգիս Ծխական Խորհուրդ – Ցիւրիխ