ՄԱՀԱԶԴ ՈՒ ՎՇՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Սրտաբեկութեամբ ու խոր ցաւով կը գուժենք մահը
ՏԻԿԻՆ
ՎՍԵՄՈՒՀԻ ԶՈՒՐԻԿԵԱՆ-ԵԱՐՄԱՆԻ
որ տեղի ունեցաւ յետ երկարատեւ հիւանդութեան Երկուշաբթի, 28 Օգոստոս 2017 Երկուշաբթի օր Իսթանպուլի մէջ:
Յուղարկաւորոթիւնը պիտի կատարուի 2 Սեպտեմբեր 2017 Շաբաթ, ժամը 15.ՕՕ–ին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պալըքլըի գերեզմանատունը, ամփոփուելու համար իր ընտանեկան դամբարանին մէջ:
Էմին-Յասմիկ Կրէյս Իմէր եւ զաւակները Ռոյ եւ Արեւ
* Զուիցերիոյ Գերմանախօս շրջանի եւ Ցիւրիխի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւն ու Եկեղեցական Ծուխի անդամները իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր երգեցողութեանց սիրայօժար իր մասնակցութիւնը բերող Տիկին Յասմիկ-Կրէյս Իմէրին որու սիրեց-եալ բանաստեղծուհի մայրն է հանգուցեալը:
Տէրը իր երկնային անթառամ պսակին արժանի ընէ հանգուցեալի հոգին իսկ Տիկին Յասմիկին պարգեւէ Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւնը: Ամէն: