ՏԽՐՈՒՆԻ
Ժնեւի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ
Ծխական Խորհուրդի երբեմնի ատենապետ
հանգուցեալ՝

ՏԻԳՐԱՆ ԵԱԶՄԱՃԵԱՆ

      Հանգուցեալ Տիգրան Եազմաճեան ծնած է Պոլսոյ հայաշատ թաղերէն Պագըրգիւղի մէջ, 28 Օգոստոս 1939 թուականին: Մկրտուած է ծննդավայրի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ 16 Յունիս 1940 թուին: Բարեպաշտ ու ազգասէր Վալանթէն Եազմաճեանի ու Աղաւնի՝ Մաննիկ Քէօսելէճեանի 3 մանչ զաւակներէն երէցն է: Ծնողներէն ժառանգած է նոյնպէս եկեղեցասիրութիւն ու ազգասիրութիւն: Հաճախած է տեղւոյն Տատեան հայկական Վարժարանը ու հաճախ մասնակցած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ պաշտամանց:

      1963 թուին կը փոխադրուի Զուիցերիոյ Ժնեւ քաղաքը: 1965-ին կամուսնանայ Մարլիզ Սոմէղի հետ: Կ’ունենան 3 զաւակներ, Անահիտը, Թալինը եւ Լողոն Կարէնը:

      2012 թուի Ժնեւի պատգամաւորական տարեկան ժողովին կընտրուի Ատենապետ որ ազնիւ կերպով ու ծառայական ոգիով ու եռանդով շարունակեց մինչեւ 2017 թուականը: Խառնուածքով ու բնաւորութեամբ համեստ, Հանդարտ, հաշտարար եւ ծառայասէր անձնաւորութիւն մըն էր:

     Մեծ սէր ու յարգանք ունէր իր առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ եւ մանաւանդ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հանդէպ: Միշտ պատրաստակամ ազնիւ ու պարկեշտ կերպով ծառայելու անոր: Մասնակցած է որպէս Զուիցերիոյ թեմի պատգամաւոր Եկեղեցական Ներկայացուցչական ժողովներու գումարուած Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Ուրբաթ 31 Յուլիս 2020-ի երեկոյեան ժամուն, իր աչքերը փակեց դէպի յաւերժութիւն:

    Թաղման տխուր արարողութիւնը կատարուեցաւ Երեքշաբթի 4 Օգոստոս, առաւօտեան ժամը 10:00 ին, Ժնեւի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ: Թաղման Արարողութեան նախագահեց Վատիկանի մօտ Հայրապետական պատուիրակ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, իր կողքին ունենալով Զուիցերիոյ Առաջնորդական Տեղապահ՝ Հոգշ. Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեանը։

     Ազգիս՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ հայրապետը այս տխուռ առիթով ցաւակցագիր մը ուղարկեց Տեղապահ Հայրսուրբին որը կարդացուեցաւ Հայրսուրբին կողմէ արարողութեան վերջաւորութեան։

       Աստուած հոգին լուսաւորէ:

     Այս տխուր առիթով յանուն մեր Թեմականի ու եկեղեցական խորհուրդի բոլոր անդամներուն, կուգանք մեր խորազգաց ցաւակցութիւները յայտնելու հանգուցեալի այրիին՝ Մարլիզին, զաւկին՝ Կարէնին՝ Րողոնին, դուստրերուն՝ Անահիտին ու Թալինին, Պոլսաբնակ իր կրտսեր եղբօր Պերճին եւ համայն ընտանեկան պարագաներուն։

Աղօթարար
Գուսան Վարդապետ Ալճանեան
Տեղապահ Զուիցերիոյ Հայոց Թեմին

ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ժնեւի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ
Ծխական Խորհուրդի երբեմնի ատենապետ
հանգուցեալ՝

ՏԻԳՐԱՆ ԵԱԶՄԱՃԵԱՆ

         Ժնեւի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի նախկին ատենապետերէն հանգուցեալ Տիգրան Եազմաճեանի մահուան կապակցութեամբ Ցիւրիխի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Շնորհք քահանայ Չէքիճեանն ու Ծխական Խորհուրդի անդամները իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին այրիին՝ Տիկին Մարլիզին ու զաւակաց՝ Կարէնին, Անահիտին ու Թալինին:

        Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

Ցիւրիխի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ
Հոգեւոր Հովիւն ու Ծխական Խորհուրդի անդամք