Գանատահայոց Առաջնորդ Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Պատգամը (2020)

Գանատահայոց Առաջնորդ Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Պատգամը

Խորհուրդ մեծ և սքանչելի,
Որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ:

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, Աւետիս:

Բանն Աստուած մարդեղացաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ (Յովհ. Ա 14): Արարիչը «մարդու կերպարանքով խոնարհեցուց Ինքն Իրեն», որպէսզի մեզի համար Փրկութիւն ըլլայ: Մարդասէրն Աստուած վերստին փաստեց Իր Անսուտ Սէրը մեր հանդէպ՝ արդարութիւնը ողորմութեամբ զսպելով: Մեզի գթալով՝ չի յիշեց մեր մեղաւորութիւնը (Սղմ. ԼԱ 2), որով տեւապէս կը վանէինք Իրեն՝ մերժելով մեզի մեկնած Ձեռքը:

Անկարոտն Աստուած, Ով «չեղած բաները գոյութեան կը կոչէ» (Հռոմ. Դ 17), Որուն Խօսքը կայացած իրողութիւն է (Սղմ. ԼԲ 9, ՃԽԸ 5), մեղանչած հրեշտակներուն օգնելու համար ձեռք չերկարեց, բայց մեզի, քանի որ կը սիրէ, Իր Պատկերով ու Նմանութեամբ ստեղծեց (Ծննդ. Ա 26-27), Իր որդիները ըլլալու իշխանութիւն տուաւ (Յովհ. Ա 12), եւ հրեշտակներուն դատելու իրաւասութիւն ալ ունինք (Ա Կորնթ. Զ 3):

Մենք անհաւատարիմ գտնուեցանք մեր Արարիչի հանդէպ, այսուհանդերձ, «Ան հաւատարիմ կը մնայ, որովհետեւ Ինքն Իրեն ուրանալ չի կարող»: Ի՞նչ հատուցում պիտի ընենք Տիրոջը այն ամէնի համար, որ մեզի տուաւ, երբ Անորմով կ’ապրինք եւ կանք եւ «ամէն ինչ կը լեցնէ ամէն բանի մէջ» (Եփես. Ա 23):

Միակ բանը, որ կարող ենք եւ պարտաւորուած ենք ալ ընել, Իր Սուրբ Կամքը կատարելն է. «Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ քու ամբողջ սրտով, քու ամբողջ հոգիով ու քու ամբողջ միտքով: Այս է մեծ եւ առաջին պատուիրանը. եւ երկրորդը ասոր նման է. պիտի սիրես քու ընկերոջդ, ինչպէս քու անձդ: Այս երկու պատուիրաններէն կախուած են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէները»:

Եւ Կեանքի Աղբիւրը Մարմին առաւ՝ մեզի համար Երկնքի Արքայութիւն տանող Ճանապարհ դառնալու, սրբացմամբ ազատարար Ճշմարտութիւն ըլլալու եւ Իր կամաւոր մահուամբ (Յովհ. Ժ 17-18) մահկանացուներուս յաւիտենական կեանք պարգեւելու. Անոր գոհութիւն եւ փառք յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն:

Մեր աղօթքն է որ Բարին Աստուած Գանատահայութեանը կենաց արևշատութիւն պարգևէ և զօրավիգ ըլլայ` ազգաշահ առաքելութիւնն իրագործելու գործունէութեանը:

Տիրոջ օրհնութեամբ՝ Նոր Տարուայ ու հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան Լոյսի ջահը լուսաւորէ Ձեզ եւ Ձեր ընտանեկան յարկերը։

Աղօթքով եւ օրհնութեամբ՝

Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան
Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի

 

         Ս. Ծնունդ 2020