Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովը

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ
Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովը

     Հոկտեմբերի 28-ին Վեհարանի ժողովասրահում, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, սկսուեց Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի ժողովը ընդլայնուած կազմով:

    Ժողովը բացուեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ողջոյնի խօսքով: Իր հայրապետական օրհնութիւնը բերելով ժողովականներին` Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, որ ինչպէս նախորդ ժողովների ընթացքում, այնպէս եւ այս ժողովին տեղի կ’ունենան արդիւնաւէտ քննարկումներ Հայոց Եկեղեցուն եւ ժողովրդին յուզող զանազան խնդիրների առնչութեամբ:

      Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նաեւ ժողովին Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատրիարքական տեղապահ Գերաշնորհ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի ներկայութիւնը, ով առաջին անգամ է այս հանգամանքով մասնակցում ԳՀԽ ժողովին եւ զեկոյց է ներկայացնելու Պատրիարքարանին առնչուած հարցերու եւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի առնչութեամբ:

    Քառօրեայ ժողովի ընթացքին կը քննարկուին Եկեղեցւոյ վարչական, կանոնական ու հովուական կեանքին եւ կրթական ու սոցիալական առաքելութեանն առնչուած հարցեր: Մասնաւորապէս զեկոյցներ կը ներկայացուեն 2020 թուականին գումարուելիք Ազգային-եկեղեցական Ժողովի (ԱԵԺ) կազմակերպման ընթացքի, ԱԵԺ օրակարգային նիւթերի նախապատրաստման նպատակով ստեղծուած եօթը յանձնախմբերի կատարած աշխատանքի վերաբերեալ: Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը զեկոյց կը լսէ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան առնչութեամբ: Կը քննարկուին Հայ Եկեղեցւյ Համաշխարհային Երիտասարդաց Միութեան գործունէութեան զօրացման ուղիները:

armenian3