Թորոնթոհայ եկեղեցական համայնք: Բանաձեւ Հ.Բ.Ը.Միութեան կալուածին մասին

Հաղորդագրութիւն
Ս.Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ
Արտահերթ Անդամական Ընդհ. Ժողովի
11 Նոյեմբեր, 2018

Կիրակի 11 Նոյեմբեր, 2018-ի յետ միջօրէի ժամը 2։00-ին տեղի ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Արտահերթ Անդամական Ընդհ. Ժողովը, նախագահութեամբ՝ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի։ Սոյն ժողովը, ունէր հրատապ բնոյթ եւ հիմնական նշանակութիւն՝ թորոնթոհայ համայնքին համար։

Ժողովին ներկայ էին Գանատահայոց Թեմի Փոխ առաջնորդ եւ Ս.Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, Թեմի Խորհուրդի Ատենապետ՝ տիար Օհան Օհաննէսեան, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկ. Ռոզին Իմաստունեան, Ծխական Խորհուրդի անդամներ, եկեղեցւոյ տրատու անդամներ, քոյր եկեղեցիներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով ներկաներ, որոնց մէջ ակնյայտ էր երիտասարդներու թիւը։

Ծխական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկ. Ռոզին Իմաստունեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որմէ ետք հրաւիրեց Տիար Ժաք Ստեփանեանը, Ատենապետ Թեմիս Կալուածոց Մարմնին, ստանձնելու ժողովի ատենապետի պաշտօնը, իսկ ատենադպրութեան պաշտօնները ստանձնեցին, Տիկ. Պէթթի Փանոսեան (Հայերէնով), եւ Օրդ. Արին Քըմքըմեան (Անգլերէնով)։

Ժողովը սկսաւ Սրբազան հօր աղօթքով եւ ընթացաւ ըստ օրակարգի կէտերուն։

Առաջին հերթին, Տիար Օհան Օհաննէսեան ներկաներուն փոխանցեց ՀԲԸՄ-ի կալուածի վաճառքի պայմաններու հիմնական կէտերը, նշելով՝ տարածքի վաճառման պահանջուած 8.5 միլիոն տոլար գումարը, տրուած կանխավճարը, ըստ համաձայնագրի՝ մինչեւ Յունուար 2019 Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վաճառքը մերժելու առաջին իրաւունքի գոյութիւնը եւ կալուածի գնման համար ճշդուած վերջին ժամկէտը՝ 29 Յունուար 2019։

Ապա ցուցադրուեցաւ Drone-ով արձանագրուած տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ համայնապետկերը, յարակից ՀԲԸՄ-ի կալուածին։

Յաջորդաբար, ընթերցուեցաւ Ծխական Խորհուրդին կողմէ պատրաստուած երկլեզու Բանաձեւը (անգլերէնով՝ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննէսեան, իսկ հայերէնով՝ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկ. Ռոզին Իմաստունեան), որմէ ետք ժողովի ատենապետը յայտարարեց բաց քննարկում։ Ստորեւ ներկայացուած Բանաձեւը։

Բանաձեւ

Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդը մօտէն հետեւեցաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան կալուածի վաճառման համաձայնագրի վերջին զարգացումներուն, Հ.Բ.Ը.Մ. Արմէն Օնթարիոյի եւ Սէնթէնիալ Քոյէճի միջեւ։

Լաւագոյնս ծառայելու համար եկեղեցւոյս շահերուն, Ծխական Խորհուրդը Ընդհանուր Ժողովին կը թելադրէ վաւերացնելու սոյն բանաձեւը եւ լիազօրելու Պրն. Օհան Օհաննէսեանը՝

Ատենապետ գանատահայոց Թեմի պատկառելի Թեմական Խորհուրդի, Պրն. Ժաք Ստեփանեանը՝ Ատենապետ Թեմական Կալուածոց Մարմնի, Տիկ. Ռոզին Իմաստունեանը՝ Ատենապետուհի Ս.Ե.Հ.Ա եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի, Պրն. Արա Պոյաճեանը՝ Ատենապետ Ս.Ե.Հ. եկեղեցւոյ Շինութեան յանձնախումբի, գնահատելու 930 Փրոկրէսի վրայ գտնուող կալուածի վաճառման հետեւանքները Ս.Ե.եկեղեցւոյ աշխատանքներուն վրայ եւ գտնելու բոլոր հնարաւորութիւնները ապահովելու եկեղեցւոյ շահերը, ներառեալ՝ նախապատրաստելու ուսումնասիրութիւն մը, դիմելով ֆինանսական հաստատութիւններու, ստանալու խոստումներ գլխաւոր նուիրատուներէն եւ սկսելու համագաղութային դրամահաւաք՝ ապահովելու անհրաժեշտ գումարները եւ Յունուարի 2019-ին ի գործ դնելու իր մերժումի առաջին իրաւունքը գնելու Հ.Բ.Ը.Մ-ի կալուածը մինչեւ 29 Յունուար 2019։

Ներկաները աշխոյժ մասնակցութիւն բերին բաց քննարկման, ներկայացնելով իրենց մտահոգութիւնները, հարցադրումներն ու առաջարկները ստեղծուած արտասովոր այս իրավիճակին նկատմամբ։

Բաց քննարկման իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Թորոնթոյի Միջ Յարանուանական Մարմնի Ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Ճանպազեան՝ լիազօր ներկայացուցիչ Թորոնթոյի Հայ Առաք. Ս. Աստուածածին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր Հովիւներու կողմէ, որ հանդէս եկաւ իր շինիչ առաջարկներով եւ այս իրավիճակի ընթացքին միասնակամ ըլլալու մաղթանքով։

Քննարկման իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայ Կեդրոնի Երիտասարդ Մարմնի ներկայացուցիչը, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ վարժարանի Փոխ Տնօրէնը եւ «Սասուն» պարախումբի պարուսոյցը, փոխանցելով իրենց զօրակցութիւնը՝ ժողովի որոշումներուն։

Ժողովի ատենապետը հրաւիրեց Թեմիս Փոխ առաջնորդ եւ Ս.Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը, որ գնահատանքի եւ շնորհակալական խօսքերով դիմեց մասնակից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր ներկաներուն, խրախուսելով որ համայնքը մնայ համերաշխ՝ պատմութեան այս դժուար պահուն։

Յաջորդ հանգրուանին խօսք առաւ Սրբազան Հայրը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ստեղծուած այս տագնապի ընթացքին թորոնթոհայ համայնքին ցուցաբերած իրենց միասնակամ ոգիին եւ ստեղծուած հարցին լուծում տալու պատրաստակամութեան համար։ Ապա Սրբազան Հայրը որպէս նեցուկ դրամահաւաքի արշաւին, հանդէս եկաւ տպաւորիչ եւ օրինակելի արարքով մը, եւ բոլորի ներկայութեան որպէս դրամահաւաքի առաջին ներդրում, նուիրաբերեց Եպիսկոպոսական ոսկեզօծ իր Ասան եւ Պանակէն ներկաներու յոտնկայս ծափահարութիւններու ընկերակցութեամբ։

Ապա, տեղի ունեցաւ ներկայացուած Բանաձեւի ընդունման փակ քուէրակութիւնը, որուն մասնակցեցան համայնքի 400 անդամներէն եկեղեցւոյ տրատու 130 անդամները միայն։

Քուէախոյզ յանձնախումբի անդամները ստուգելէ ետք քուէատուփերը, յայտարարեցին քուէարկութեան արդիւնքը հետեւեալ ձեւով՝ 122 այո, 5 ոչ եւ 3 ձեռնպահ։

Ժողովը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պահպանիչով եւ Աղօթքով։

Գանատահայոց Թեմ
Եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցի