«Շնորհաւոր Բարեկենդան… »

 

«Շնորհաւոր Բարեկենդան, Բարով Հասնինք Սուրբ Յարութեան»

Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կենդանութիւն, ուրախութիւն, խրախճանք, ճոխ եւ առատ ուտելիք վայելելու օր: Բուն բարեկենդանը կը տօնուի Մեծ Պահքի նախորդող կիրակի օրը: Շաբաթ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ խորանի վարագոյրը կը գոցուի եւ այսպէս կը շարունակուի քառասնօրեայ պահքի ընթացքին:

Դիմակ հագնելու, խաղեր ու խրախճանքներ կազմակերպելու սովորութիւնը հայոց հեթանոսական շրջանին տեղի կ՝ունենար  նաւասարդեան օրերուն, երբ ամէն մարդ իր մասնակցութիւնը  կը բերէր: Ձիարշաւ, սրախաղ, այլ տեսակի խաղեր, խրախճանքներ, նոր ոգեւորութիւն կու տային մարդոց միօրինակ կեանքին:

Հայկական գաւառներու եւ գիւղերու մէջ Բարեկենդանը  կը տօնուէր հետաքրքրական խաղերով, այսպէս՝ երիտասարդ մը կ՝ընտրուէր «ռէս» կամ «գզիր», որուն  երեսը կը մրոտուէր: Գլուխը թուղթէ կամ թաղիքէ թագ կը դրուէր, կռնակէն ալ վար  կը ձգուէր սաւան մը կամ ոչխարի մորթ, ձեռքը կը բռնէր սրածայր ձող մը որուն ծայրէն կախուած կ՝ըլլային լաթի հին կտորներ իր շուրջը կը հաւաքուէին անճոռնի զգեստներ հագած ներկուած կամ մրոտած դէմքերով երեխաներ: Այսպէս երգելով, տաղեր ըսելով կը շրջէին գիւղին մէջ, ապա կ՝անցնէին միւս գիւղը, ուր իրենց կը սպսէին նման հագուստներ հագած գիւղացիներ:

Տաւուլն ու զուրնան կը հնչէին, որը կռուի նշան էր, քանի մը խաղերէ յետոյ, որ կողմը որ պարտուէր, այն կողմի պարագլուխ «ռէս»ին կամ «Գզիր»ին իշու վրայ կը դրուէր՝ հակառակ կողմ նստած եւ կատակելով, հրելով-հրմշտկելով էշն ու հեծեալը գետի մէջ կը նետէին: Մինչ այդ՝ Քահանան կու գար, Աւետարան կը կարդար եւ գետէն կ՝ազատէր հեծեալը, պարտուող կողմէն ալ փրկագին կը պահանջէր:

Բարեկենդանը ոչ միայն կեր ու խումի, խրախճանքի օր էր, այլ՝ ժողովուրդի ազատութեան օրն էր: Կարծէք այդ օրը մեծ ու փոքր, հարուստ թէ աղքատ մէկդի կը դնէին քաղաքավարական կանոնները, աշխարհական եւ եկեղեցական բոլոր օրէնքները եւ առանց քաշուելու ծաղրանքի կ՝ենթարկէին ու կը քննադատէին մեծաւորը կամ գիւղապետը անոր հասկցնելու իր կատարած սխալ արարքները:

Այս ամէն ուրախութիւններէն ետք, գիւղին կեդրոնը կը սարքուէր Բարեկենդանի մեծ սեղանը, որու վրայ կը դրուէր իւրաքանչիւր ընտանիքէն բերուած ամէնէն համեղ ուտելիքները, առատօրէն կը հոսէր գինին: Կերուխումը, երգն ու պարը կը տեւէր մինչեւ առաւօտ:

Իսկ Բարեկենդանի Կիրակի գիշերը, ընթրիքէն ետք, նախքան քնանալը, մածուն եւ կաթնապուր կ՝ուտէին  եւ անկողինին մէջ խաշուած հաւկիթ ուտելով իրենց փակ բերանով  կը մաղթէին, որ Զատիկը հաւկիթով՝ բարով ընդունին:

Այսպէս էր իրենց մաղթանքը.

«Շնորհաւոր ապաշխարանք Քրիստոսի», կամ «Շնորհաւոր Բարեկենդան, բարով հասնինք Սուրբ Յարութեան»:

Ահա այսպէս հայ ժողովուրդը Բարեկենդանը կը կատարէր մեծ շուքով:

Մենք ալ մեր կարգին կը կրկնենք մեր պապերուն աւանդական մաղթանքը.

«Շնորհաւոր Բարեկենդան, բարով հասնինք Սուրբ Յարութեան»:  

Քաղեց՝ Արմէն Քիւրքճեան

 

motive fon 2 12321