Քրիստոսի Ս. Յարութեան Տօնը Ցիւրիխի մէջ
Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնը այս տարի աննախընթաց բազմութեան մը ներկայութեամբ Ցիւրիխի Տիւպէնտօրֆ գիւղաքաղաքի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուեցաւ:
Օրուան Պատարագիչն էր Գերմանախօս շրջանի ու Ցիւրիխի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Շնորհք Քահանայ Չէքիճեան, իսկ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բարեշնորհ Յովհաննէս աւագ Սարկաւագ Մարթին, ուրարակիր դպիրներ բարեկրօն՝ Արտա Չէքիճեան, բարեկրօն՝ Սերովբէ Տէվլէթօղլու եւ բարեկրօն՝ Յարութիւն Մէնէթեան, ինչպէս նաեւ Արթին Իպաքարա, Ժան Ալտէմիր եւ Ալէն Մէնէթեան:
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները Կոմիտասեան եղանակով կատարուեցան Գերմանախօս շրջանի զանազան քաղաքներէն Տիւպէնտօրֆ ժամանած անդամ ու անդամուհիներու կողմէ, խմբավարութեամբ Իլտա Մէնէթեանի:
Այս տարի աննախընթացօրէն հարիւրաւոր հաւատացեալներ զանազան վայրերէն փութացած էին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուելու: Ի ժամ Ս. Պատարագի բազմաթիւ հաղորդուողներու կարգին յատկապէս մեծ թիւով երիտասարդ ու երիտասարդուհիներու ներկայութիւնը բացառիկ երեւոյթ մը եղաւ:
Իսկ յաւարտ Պատարագի ինչպէս միշտ եկեղեցասէր տիկնանց կողմէ պատրաստուած հայկական աւանդական չէօրէքով, զանազան համեղ ուտելիքներով եւ բնականաբար կարմիր հաւկիթներով ճոխացուած սիրոյ սեղանի ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ:
Տիրոջ Հրաշափառ Ս. Յարութեան Տօնը Տիւպէնտօրֆի մէջ (Ցիւրիխ) անմոռանալի տօնական յիշատակ մը իր ետին թողելով, ներկայ հաւատացեալները դարձեալ տօնական տրամադրութիւններով վերադարձան իրենց տան օճախները:
Զատիկ 2014