Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Կիրիլ Ա Պատրիարքը
Ռուսական համայնքի 80.ամեակին առթիւ Ցիւրիխի մէջ
Դեկտեմբեր 6 եւ 7 թուականները պատմական օրեր եղան Ցիւրիխի Ռուսական համայնքի համար: Անմոռանալի հետքեր թողած հանդիսութիւններով յիշատակուեցաւ Ցիւրիխի Ռուս համայնքի եկեղեցական գործունէութեան ութսունամե-ակը: Հանդիսութեանց ներկայ եղաւ եւ Հայ Եկեղեցին ներկայացուց Գերմանախօս շրջանի ու Ցիւրիխի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Շնորհք Քահանայ Չէքիճեանը:
6 Դեկտեմբեր Երեքշաբթի երեկոյեան Ցիւրիխի երաժշտանոցի մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հռչակաւոր Ռուս Երաժիշտներու դասական երաժշտութեան նուիրուած բարձրորակ նուագահանդէս: Սոյն նուագահան-դէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին ոչ միայն Զուիցերիոյ մէջ հաստատուած Ռուսազգի տաղանդաւոր երաժիշտներ այլ նաեւ Մոսկուայէն յատուկ հրաւիրուած երաժիշտներ:
Իսկ 7 Դեկտեմբեր Չորեքշաբթի առաւօտ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ կատարուեցաւ Ցիւրիխի Ռուսական Սուրբ Յարութիւն նորակառոյց Եկեղեցւոյ մէջ որուն պատարագիչն էր Նորին Սրբութիւն Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Կիրիլ Ա. Պատրիարքը:
Ս. Պատարագին յաջորդեց սիրոյ սեղան Ցիւրիխի պատմական «Ձունֆտ-հաուս» ճաշարանի սրահին մէջ Ցիւրիխի գրեթէ բոլոր յարանուանութեանց ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ որու ընթացքին Կիրիլ Ա. Պատրիարքը ի միջի այլոց իր գնահատանքն ու ուրախութիւնը յայտնեց Ցիւրիխի ուղղափառ եկեղեցիներու սերտ համագործակցութեանց համար որուն մաս կը կազմէ նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ Թեմի Ցիւրիխի Ս. Սարգիս Ծխական հայ համայնքը: