Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Ս. Աթոռոյ ՖՊ-եան էջէն խոր ցաւով կը տեղեկանանք:
ՀԱՆԳԻՍՏ
Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԱՆՈՒՇԵԱՆ
Տասնեւութնամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Առաքելական Սրբոյ Եկեղեցւոյս Հայաստանեայց, երբեմնի հոգեւոր հովուին Գնալը Կղզիի եւ Ղալաթիոյ Սուրբ Եկեղեցեաց, այժմու քարոզչին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ, Ատենապետին՝ Պատկ.Կրօնական Ժողովոյ, Դիւանապետին եւ Լուսարարապետին Պատրիարքական Աթոռոյ փոխեցաւ առ Աստուած ի յոյս կենացն յաւիտենից ընդ հովանեաւ Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի Ազգիս Հայոց յամին 2021, ի 14ն Նոյեմբերի յաւուրն Միաշաբաթի, ի ժամու երեկոյեան, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի։
Մատչի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ յաւուրն Հինգշաբթւոջ, ի 18ն Նոյեմբերի ի ժամ 10.00-ի եւ կատարի օծումն նորին, յԱթոռանիստ Մայր Տաճարի Ս. Աստուածածնի, Գումգաբու թաղի քաղաքիս եւ ամփոփի մարմինն ի գերեզմանատանն որ ի Շիշլի, ի դամբարանի ընտանեաց իւրոյ։
Տէր լուսաւորեսցէ զհոգի վախճանեալ սպասաւորին, տացէ մխիթարութիւն զաւակաց Եկեղեցւոյ իւրում եւ յարուսցէ այլ մշակս ի հունձս իւր։
ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
* * *
ՎՇՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՆԳԻՍՏ
Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԱՆՈՒՇԵԱՆ
Այս դառն կորուստի կապակցութեամբ, Տիրոջմէ կը հայցենք Սուրբ Հոգիի մխիթարութիւնը հոգելոյս Հայր Սուրբին հարազատներուն, Ամեն. Սրբազան Պատրիարք հօր, Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան հոգեւոր դասուն ու սգաւոր եւ ուխտապահ Պոլսահայ հաւատացեալներուն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Խոր վշտակցութեամբ՝
Շնորհք Քահանայ Չէքիճեան
Ցիւրիխ, 15 Նոյեմբեր 2021
* * *
ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԱՆՈՒՇԵԱՆԻ
Աւազանի անունով Արէտ, ծնած է 25 Յուլիս 1966ին Ստանպուլ, Նառլըգաբուի մէջ։ Որդին է Արամի եւ Արաքսի Ավրուզի։ Կը մկրտուի ձեռամբ Թադէոս Քհնյ. Տէրողորմեաճեանի։
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։ Կ՚ուսանի Պօմօնթիի Մխիթարեան, միջնակարգի ուսումը կը ստանայ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան, լիսէի ուսումը՝ Ս. Խաչ (Դպրեվանք) վարժարաններուն մէջ, իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ Ստանպուլ Համալսարանի Գրական Ֆաքիւլ-թէի Անգլերէնի Լեզուագիտութեան բաժնին մէջ։ Լիսէի եւ համալսարանի ուսանողական շրջանին կը պաշտօնավարէ որպէս հսկիչ Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանին մէջ։ Մաս-նակցութիւն կը բերէ Ֆէրիգիւղի Սանուց Միութեան Թատերական խումբին, ինչպէս նաեւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի ու Սանուց Միութեան երաժշտական գործունէութեանց։
1977-ին կը սկսի յաճախել Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցին, ուր յետագային կը տանի նաեւ պատուակալ լուսարարի պաշտօնը։ Կը հետեւի Սեդրակ Սրկ. Տավութհանի, Գրիգոր Սրկ. Հաբէլեանի եւ Շնորհք Քհնյ. Մուրատեանի Հայկական ձայնագրութեան ու շարականագիտութեան դասընթացքներուն։ Հոկտեմբեր 1986ին պաշտօն կը ստանձնէ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մէջ որպէս երաժիշտ։
1988-ին մտնելով գործի ասպարէզ, կը պաշտօնավարէ զբօսաշրջական հաստատութեանց զանազան բաժիններուն մէջ, կատարելով նաեւ վարչական պարտականութիւններ։ Կը ծառայէ նաեւ որպէս գործօն անդամ միջազգային գետնի վրայ, մաս կազմելով խմբակներու եւ վարելով քարտուղարի պաշտօնը Ամերիկեան Զբօսաշրջական Միութեան Թուրքիոյ բաժնի։
Դպրութեան չորս աստիճաններ կը ստանայ 1992ին Գարեգին Բ. Պատրիարքի ձեռամբ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ։ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը Դեկտեմբեր 2001ին Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մէջ իրեն կը շնորհէ ուրար կրելու արտօնութիւն, իսկ 28 Յուլիս 2002ին Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ կը ձեռնադրէ Կիսասարկաւագ։ Այդ թուականէն սկսեալ մաս կը կազմէ Պատրիարքարանի դիւանին, իբրեւ դիւանապետ ու ապա՝ Նորին Ամենապատուութեան անձնական քարտուղար։ Ան, 29 Դեկտեմբեր 2002ին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքէ կը ստանայ Սարկաւագական ձեռնադրութիւն, լծակից ունենալով Վաղարշակ Սերովբեանը (այժմ՝ Յովակիմ Աբղ.)։ Նորին Ամենապատուութիւնը 1 Մարտ 2003ին՝ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ զինք կը ձեռնադրէ կուսակրօն քահանայ։ Նոյն 2003ի ամրան կը նշանակուի Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին, որ կը վարէ մինչեւ 2016։ Իսկ աշնան, կը մեկնի Լիբանան՝ մասնակցելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Զարեհեան Դպրեվանքի մասնաւոր լսարանի երկամեայ դասընթացքներուն։ Հետեւելով Սուրբ Գրական, Ծիսագիտական, Շարականագիտական, Աստուածաբանական, Եկեղեցա-պատմական եւ Քարոզխօսական դասերուն, կը վկայուի 25 Յունիս 2005ին։
2005-2006 տարեշրջանին կը շարունակէ իր կեցութիւնը Պիքֆայայի Զարեհեան Դպրեվանքի մէջ՝ կատարելով վարդապետական աւարտաճառին հետ առնչուած ուսումնասիրութիւններ ու միաժամանակ ստանձնելով ուսուցչական պաշտօն այդ երդիքին տակ։ Կը պաշտօնավարէ Ժառանգաւորաց ու Ընծայարանի բաժիններուն մէջ, դասաւանդելով՝ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն, Ներածութիւն Հին Կտակարանի, Մեկնաբանութիւն, Սուրբ Գրային Յունարէն, Քրիստոնէական եւ Հայոց պատմութիւն։ Կը ստանձնէ Դպրեվանուց Լուսարարապետի պաշտօնը։ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին առընթեր, Հոկտեմբեր 2006ին կը նշանակուի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ քարոզիչի պաշտօններուն։ 30 Սեպտեմբեր 2007ին ամբողջացնելով «Քրիստոնէութեան երկթեւեան մուտքը Հայաստան» աւարտաճառը, 25 Հոկտեմբեր 2007ին Ղալաթիոյ Ս. Գրի-գոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ կը ստանայ վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն Մեսրոպ Բ. Պատրիարքէ։ Կը պատրաստէ «Նիկիոյ Ս. Ժողովը եւ Հայ Եկեղեցին» թէզը եւ 18 Դեկտեմբեր 2007ին Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր ձեռամբ կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետական Գաւազան։
2010-ին Հոգեւորականաց Համագումարէն կ՚ընտրուի Կրօնական Ժողովոյ անդամութեան, իսկ 13 Յուլիս 2010ի նիստին կ՚ընտրուի ատենապետ եւ կը պաշտօնավարէ մինչեւ իր հրաժարումը (31 Դեկտեմբեր 2015)։ Կ՚ուսուցչագործէ Թաքսիմի Էսայեան, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան եւ Փանկալթըի Վիեննական Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ աւանդելով կրօնագիտութիւն։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ, դիւանապետութեան առընթեր, կը վարէ նաեւ Հրատարակչական բաժանմունքի նախագահութիւնը, Աթոռոյ Լուսարարապետութիւնը։ Աթոռոյս ժառանգաւորներու լսարանի մէջ կը դասախօսէ, աւանդելով Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն եւ գրաբար։ Կը նշանակուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ծիսական Յանձնախումբի անդամութեան։ Պատգամաւորական Ժողովի կողմէ կ՚ընտրուի Կրօնական Ժողովի անդամութեան (11 Դեկտեմբեր 2019), անդրանիկ նիստին կ՚ընտրուի ատենապետ։
ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
15 Նոյեմբեր 2021