
10 Յունիս 1953-ին ծնած եմ Պոլսոյ հայահոծ Գումգաբու թաղին մէջ: Աւազանի անունս է Ենովք իսկ ազգանունս «Մանուկեան» պիտի մնար եթէ Թուրքիոյ մէջ 1935-ի փոքրամասնութիւններու ազգանունները փոխելու պարտադիր օրէնքը չ՝ելլէր եւ մականունս «Չէքիչ»-ի չի վերածուէր:
Ամուսնացած եմ եւ ունիմ երկու զաւակ Արտա եւ Երազ: Ծնողներս՝ հանգուցեալ Արա եւ Սօնա Պոլսահայեր էին, իսկ նախնիները Ատանա, Արաբկիր եւ Ատաբազարի Պարտիզակ գաւառէն:
Նախնական կրթութիւնս ստացած եմ Պոլսոյ Էսայան Վարժարանի մէջ: 9 տարեկանէն սկսեալ մայրիկիս ձեռքէն բռնած ամեն Կիրակի յաճախած եմ Բերայի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին որպէս դպիր: Փոքր տարիքէն կոչում ունեցած եմ հոգեւորական դառնալու:
Նախակրթարանէս յետոյ երբ կը պատրաստուէի ուսումս շարունակել Պոլսոյ Կեդրոնական Վարժարանի մէջ, յետ եօթնօրեայ Յորդանանեան պատերազմի, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վարժարանէն ներս պատերազմի պատճառով սաներու թիւի պակաս նկատուելով, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն Պոլիս կը ժամանէր Տ. Կարապետ քահանայ Անդրէասեանը որպէսզի ժառանգաւորաց վարժարանի համար նոր «ձայնաւոր» եւ ապագայ հոգեւորականութեան թեկնածու «սաներ» հաւաքէր:
Հանգուցեալ Տէր Կարապետի այս նուիրեալ ու բարի ջանքերուն, ապագայի հայ եկեղեցւոյ հոգեւորականներու թեկնածութեան ընտրութեանց մէջ, ուրիշներու կարգին ինչպիսիք էին Գերշ. Տ. Վիգէն եւ Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբազանները, կը գտնուէր նաեւ ստորագրեալս, որոնք երեք օրուան ճամբորդութեան աւարտին նաւով պիտի հասնէին Հայֆա եւ ապա Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբ վանքը:
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց ժառանգաւորացի մէջ 1967-1972 տարիներու ուսմանս առընթեր երաժիշտ Պրն. Վահէ Գալայճեանէն ստացած եմ նաեւ դաշնամուրի համար դասական գործերու յատուկ դասընթացքներ:
Երաժշտութեան հանդէպ ունեցած հակումիս եւ ստացած դաշնակի դասընթացքներուս պատճառով երջանկայիշատակ Եղիշէ Պատրիարք Հօր հաւանութեամբ՝ ձայներիզի վրայ դասական դաշնամուրի կտորներու կիրարկումներով եւ բարերարուհիս հանգուցեալ Մարի Ղարիբեանի մեկենասութեամբ դիմեցին ԱՄՆ-ի New England Conservatory of Music Boston, երաժշտանոցը: Կատարուած դիմումը ընդունուած եւ մանաւանդ երաժշտութեան ասպարէզը շարունակել կարելի դարձած էր:
Աւաղ որ այդ ժամանակներու պայմաններու բերումով, ծնողներէս ուղիղ վեց տարի հեռու մնացած ըլլալով, հակառակ իմ ցանկութեան, իրենց խնդրանքով զրկուեցայ երաժշտական ասպարէզի խմբավարութեան եւ որպէս երկրորդ առարկայ հոգեբանութեան ճիւղերուն հետեւելու, իմ կեանքը այս զոյգ նախասիրութիւններով շարունակելու առիթէն:
1992, մինչեւ Զուիցերիա հաստատուիլս երկար տարիներ, կամաւոր կերպով իբր սարկաւագ ծառայած եմ Պոլսոյ Գատըգիւղ թաղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ եւ նաեւ նուիրուած եմ հայ երիտասարդներու եւ փոքրիկներու (նկարներ 3, 4 եւ 5) հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգեր սորվեցնելու առաքելութեան:
Հիմնած եմ հայ փոքրիկներէ եւ նաեւ երիտասարդներէ կազմուած Ս. Թագաւոր Մանկանց Երգչախումբը, սորվեցնելով եռաձայն Եկմալեան Ս. Պատարագը, արեւագալը, շարականներ եւ աշխարհիկ հայ երգեցողութիններ:
Նոյն ժամանակաշրջանին մաս եմ կազմած Կ.Պոլսոյ Հայ Պատրիարքութեան բրօթօքօլի եւ միջ-եկեղեցական յանձնախումբին:
Եղած եմ Կ.Պոլսոյ Պատրիարք՝ երջանկայիշատակ Շնորհք Արք. Գալուստեան-ի գաւազանակիրը եւ Ս. Պատրիարք Հօր հետ միասին մասնակցած՝ Ռուսաց Ողղափառ Եկեղեցւոյ հազարամեակի տօնախմբութիւններուն համար կազմակերպուած երկշաբաթեայ հանդիսութիւններուն զոր տեղի ունեցած էր Յուլիս 1988-ին Մոսկուայի մէջ:
1988-ին Մոսկուայէ վերադարձին երբ պէտք էր հանդիպիլ Զուիցերիոյ Ժնեւ քաղաքը, տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Վիգէն Վրդ.ի ու Ժնեւի եկեղեցական խորհուրդին կողմէ առաջարկուեցաւ որպէսզի տեղափոխուելով Զուիցերիա քահանայ ձեռնադրուիմ, ծառայեմ որպէս շրջուն հոգեւոր հովիւ Ցիւրիխի եւ Զուիցերիոյ Գերմանախօս շրջանի տարածքին սփրուած հայորդեաց հոգեւոր պահանջքներուն համար:
1992-ի Դեկտեմբեր 12-ին, երկարատեւ մտածման ժամանակի եւ վերջնական որոշումս տալէ յետոյ Ժնեւի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ ձեռամբն Զուիցերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վիգէն Եպս. Այքազեանի եւ խարտավիլակութեամբն Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գարեգին Եպս. Պեքճեանի, ձեռնադրուեցայ քահանայ, ստանալով «Տ. Շնորհք» հոգեւորականի անունը:
Ժնեւի մէջ հոգեւորականի պաշտօնի բացակայութեանց պարագաներուն, սկզբնական շրջաններուն, շուրջ վեց ամիս յաճախակի այցելութիւններով Ժնեւի մէջ կիրակնօրեայ Պատարագներ մատուցանելէ յետոյ 1993-ի Յուլիս ամիսէն սկսեալ, աւելի քան 33 տարի որպէս մնայուն հոգեւոր հովիւ իմ ծառայութիւնը կը շարունակեմ բերել Գերմանախօս Զուիցերիոյ մէջ:
Բացի Գերմանախօս շրջանէն, (1993-էն մինչեւ 2018) 25 տարի ալ առանց բացառութեան ու բացակայութեան իւրաքանչիւր ամսուան երրորդ Կիրակին, համերաշխ եւ սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ իբր հոգեւոր հովիւ ծառայած եմ Նէօշաթէլ քաղաքի, Գօռնոյի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ:
Հայ մանուկներու հայերէն լեզու եւ երաժշտութիւն սորվեցնելու աշխատանքներս շարունակած եմ նաեւ Զուիցերիոյ Գերմանախօս շրջանի զանազան քաղաքներուն մէջ: (նկարներ 1 եւ 2)
2010-ին Ցիւրիխի ու Նէօշաթէլի ծխական խորհուրդներու անդամներու, վկայութեամբն ու խնդրանքովը Ապրիլի 30-ին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց Վեհափառի կողմէ շնորհուած է Հայրապետական Կոնդակ՝ «ԳԻՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆԱՑ ԱՌ Ի ՍԻՐԵՑԵԱԼ ՈՐԴԻՆ ՄԵՐ ԵՒ ՀԱՐԱԶԱՏ ԶԱՒԱԿՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌՈՅ ՍՐԲՈՅ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ ՏԷՐ ՇՆՈՐՀՔ ՔԱՀԱՆԱՅ ՉԷՔԻՋԵԱՆ ՈՐ Ի ՑԻՒՐԻԽ, ՇՎԵՑԱՐԻԱ» եւ լանջախաչ կրելու իրաւունք: (Տեսնել կցեալ պատճենը)
2018-ին Ցիւրիխի եւ Գերմանախօս շրջանի Ս. Սարգիս Եկեղեցական Ծխական խորհուրդի խնդրանքով եւ իմ ալ ցանկութեամբ կը շարունակեմ ծառայել ի պայծառութիւն մեր Հայ Եկեղեցւոյ:
Ուրախ եւ հպարտ եմ որ իմ կեանքս նուիրած եմ իմ Հայ Ազգին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին:
Շնորհք քահանայ Չէքիճեան
Հոգեւոր Հովիւ Ցիւրիխի եւ
Զուիցերիոյ Գերմանախօս շրջանի


Նկար 1 (Հայ մանուկներ Ցիւրիխի եւ Գերմանախօս շրջանէն, փորձի մը ընթացքին)

Նկար 2 (Հայ մանուկներ Ցիւրիխի եւ Գերմանախօս շրջանէն, ելոյթի մը ընթացքին)

Խմբանկար 3
Ս. Թագաւոր Մանկանց Երգչախումբի սաները, Պոլսոյ Գատըգիւղ թաղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ, երջանկայիշատակ Գարեգին Գազանճեան Պտրք. հօր հետ, Արեւագալի արարողութեան մը աւարտին:

Նկար 4
Ս. Թագաւոր Մանկանց Երգչախումբը, Պոլսոյ Գատըգիւղ թաղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Պատարագի մը երգեցողութեան ընթացքին:

Ս. Թագաւոր Մանկանց Երգչախումբը, Պոլսոյ Արամեան Միութեան սրահին մէջ համերգի մը ընթացքին:

