Ի Տէր Հանգեաւ Կ.Պոլսոյ Աթոռոյ Հայոց Երանաշնորհ Պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեան

ՎՇՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

16 Յունիս 1956 – 08 Մարտ 2019

Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱՒ Կ.ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅՈՑ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆԸ

           Խոր վշտով կը տեղեկանանք Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի վախճանման գոյժին:

     Պատրիարք Հայրը շուրջ տասը տարի անդարմանելի հիւանդութեան հետեւանքով կը գտնուէր հայոց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ:

      Նորին Ամենապատուութիւնը, 14 Հոկտեմբեր 1998-ին ընտրուած էր Կ.Պոլսոյ Աթոռոյ Հայոց Պատրիարք, յաջորդելով Երանաշնորհ Գարեգին Բ. Պատրիարքին, որուն անմիջական գործակիցը հանդիսացած էր։

       Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք նախ քան Պատրիարք ընտրուիլը, իր հոգեւոր ծառայութիւնը կեդրոնացուցած էր մանկանց, երիտասարդաց եւ հոգեւորականներ պատրաստելու գործին եւ այդ ծառայութեան գիծը շարունակուած էր նաեւ իր Պատրիարքութեան շրջանին։

     Այս դառն կորուստին առթիւ Զուիցերիոյ Գերմանախօս շրջանի Հոգեւոր Հովիւը, Ծխական Խորհուրդը եւ հայ համայնքը կը վշտակցի ու իր ցաւակցութիւնները կը յղէ Տիրամայր Մարի Մութաֆեանին, հարազատներուն, Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան հոգեւոր դասին ու Պոլսահայ աւանդապահ հայ հաւատացեալներուն:

      Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

16 Յունիս 1956 Ծնած է Ստանպուլ։
1963-1968 Թաքսիմի Էսաեան նախակրթարան։
1968-1973 Նշանթաշի Անգլիական Վարժարան։
1973-1975 Ամերիկեան Բարձրագոյն Վարժարան, Շթութթկարտ, Գերմանիա։
1975-1979 Մէմֆիս Համալսարան (Ա.Մ.Ն.), Լիսանս՝ Ընկերաբանութիւն եւ Իմաստասիրութիւն։
1977-1979 Սէուընի Անկլիքան Ուսումնարան՝ Մէմֆիսի մասնաճիւղ, Լիսանս՝ Աստուածաբանութիւն։
19 Յուլիս 1977 Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ՝ ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սվաճեանի։
13 Մայիս 1979 Քահանայական ձեռնադրութիւն եւ վեղարի տուուչութիւն Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ՝ ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Շնորհք Պատրիարքի։
1979-1982 Երուսաղէմի Հիպրու Համալսարան (Իսրայէլ)։ Մագիստրոս՝ Հին Կտակարանի պատմութիւն եւ գրականութիւն, Երուսաղէմի Համալսարան Գօլէճ (նախկին Ամերիկեան հաստատութիւն), Մագիստրոս՝ Սուրբ Գրային Հնագիտութիւն։
1979-1980 Երուսաղէմի Ընծայարանի Դասախօս, Նիւթեր՝ Անգլերէն եւ Հին Կտակարան։
1982-1983 Անձնական քարտուղար Ն.Ա.Տ. Շնորհք Պատրիարքի։
7 Մայիս 1983 «Սուրբ Գիրք եւ Աւանդութիւն» աւարտաճառով Վարդապետական Գաւազանի տուուչութիւն Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ. Քարոզիչ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ։
6 Յունիս 1983 Դիւանապետ Պատրիարքարանի, Անդամ Կրօնական Ժողովոյ եւ Խորհրդակցական Մարմնի։
Նոյ 1983-Փետ 1984 Զինուորական ծառայութիւն՝ Պուրտուր Ե. Գնդապետական հրամանատարութիւն։
3 Մայիս 1986 «Նահապետաց Կրօնքը նախ քան Եգիպտական գերութիւն» աւարտաճառով Ծայրագոյն Վարդապետական Գաւազանի տուուչութիւն ՝Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։
21 Սեպտեմբեր 1986 Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Կաթողիկոսի, Ն.Ա.Տ. Շնորհք Պատրիարքի եւ Գերշ. Տ. Տիրան Երուսաղէմի ընտրեալ Պատրիարքի։
1988-1989 Հռոմի Ս. Թովմաս Ագուինացի (Անճէլիքում) Համալսարան. Մագիստրոս՝ Միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց Աստուածաբանութիւն։
1 Յուլիս 1988 Ն.Ա.Տ. Շնորհք Պատրիարքի կողմէ նշանակում Կղզեաց տեսչութեան։
Մար 1990- Սեպ 1990 Ատենապետ Կրօնական Ժողովոյ։
5 Սեպտեմբեր 1990 Ն.Ա.Տ. Գարեգին Բ. Պատրիարքի ընտրութեամբ Կրօնական Ժողովոյ անդամակցութեան եւ ապա Ատենապետութեան ընտրութիւն։
6 Նոյեմբեր1990 Ն.Ա.Տ. Գարեգին Բ. Պատրիարքի կողմէ նշանակում միջեկեղեցական գործերու Պատրիարքական Փոխանորդի պաշտօնին։
1991-1997 Տեսուչ՝ Ն.Ա.Տ. Գարեգին Բ. Պատրիարքի հաստատած Քահանայական Լսարանին. Տասը տիրացուներու պատրաստութիւն եւ ձեռնադրութիւն։
1991-1997 Ն.Ա.Տ. Գարեգին Բ. Պատրիարքի խորհրդակցական մարմնի փոխ ատենապետ։
5 Դեկտեմբեր 1992 Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսէ Արքութեան տիտղոս։
Յունիս 1996 Ն.Ա.Տ. Գարեգին Բ. Պատրիարքի փափաքով խմբագրապետ Պատրիարքական Աթոռոյ Շողակաթ բանասիրական հանդէսին։
27 Հոկտեմբեր 1997 Ն.Ա.Տ. Գարեգին Բ. Պատրիարքի կողմէ եւ նօտարական պաշտօնագրով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ։
16 Մարտ 1998 Ն.Ա.Տ. Գարեգին Բ. Պատրիարքի վախճանումով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ։
3 Օգոստոս 1998 Պատրիարքական Տեղապահ։
14 Հոկտեմբեր 1998 Պատգամաւորական Ժողովի ընտրութեամբ Թուրքիոյ Հայոց 84րդ Գահակալ։
2 Նոյեմբեր 1998 Նախարարաց Խորհուրդի 98-11964 թիւ պաշտօնագրով ճանաչում եւ սքեմի արտօնութիւն։
21 Նոյեմբեր 1998 Ուխտ եւ գահակալութիւն։
15 Մայիս 2003 Ուաշինկթընի Սէն Մէրի Համալսարանէն Պատուակալ Տօքթորի տիտղոս։
12 Յունուար 2009 Սուրբ Նիկողայոսի Արծաթեայ Վարդի մրցանակ։
26 Հոկտեմբեր 2016 Եկեղեցականաց Համագումարի կողմէ «Պատրիարք ի հանգստեան» կոչուեցաւ

Օտար լեզու՝ Անգլերէն։
Ակադեմական լեզուներ՝ Գրաբար, Ֆրանսերէն, Եբրայերէն, Իտալերէն։
Միութեանց անդամակցութիւն՝ Էսաեան Սանուց Միութիւն, Մէմֆիս Համալսարանի Սանուց Միութիւն, Սուրբգրային հնագիտական Միութիւն, Արեւելեան ուսումնասիրութիւններու Ամերիկեան Կեդրոն, Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագրութեանց Միութիւն, ԹԷՄԱ Հիմնարկ, Կաղանդ Պապուկ Հիմնարկ։

Աղբիւր՝ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի կայքէջ