Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱՒ Տ. ԵՂԻՇԷ ԱՐՔ. ԿԻԶԻՐԵԱՆ

HayKreutz2ՄԱՀԱԶԴ

Ի Տէր հանգեաւ

YeghicheGizirian

Տ. Եղիշէ Արք. ԿԻԶԻՐԵԱՆ

ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմից Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին տեղեկացուել է, որ մարտի 18-ին` կեանքի 90-րդ տարում, վախճանուել է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններից Գերաշնորհ Տ. Եղիշէ արքեպիսկոպոս Կիզիրեանը:

Սրբազան Հօր վախճանը մեծ կորուստ է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու համար:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը խորապէս սգում են բազմավաստակ Եղիշէ Սրբազանի մահը:

Սրբազան Հօր յուղարկաւորութեան հետ առնչուած անհրաժեշտ տեղեկութիւնները կը հաղորդուեն առաջիկային:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ

Տ. Եղիշէ արքեպիսկոպոս Կիզիրեանը (աւազանի անունը` Զաւէն) ծնուել է 1926 թ. յուլիսի 15-ին, Դամասկոսում: Նախնական կրթութիւնն ստացել է տեղի Ազգային Թարգմանչաց վարժարանում, փոքր տարիքից երգել է եկեղեցու դպրաց դասում:

1940 թ. Դամասկոսի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Եփրեմ արքեպիսկոպոս Տոհմունու միջնորդութեամբ ընդունուել է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանք:

1944 թ. յուլիսի 11-ին, ձեռամբ Տ. Եփրեմ արքեպիսկոպոս Տոհմունու, ձեռնադրուել է սարկաւագ:

1947 թ., աւարտելով դպրեվանքի ուսումնառութեան եօթամեայ շրջանը, ձեռամբ Գերաշնորհ Տ. Դերենիկ եպիսկոպոս Փոլադեանի, ձեռնադրուել է կուսակրօն քահանայ:

1947-51 թթ. դասաւանդել է դպրեվանքում եւ Մեսրոպեան նախակրթարանում` միաժամանակ վարելով մի շարք վարչական պաշտօններ:

1951 թ. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա Յովսէփեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի արտօնութեամբ եւ Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Տիրան արքեպիսկոպոս Ներսոյեանի հրաւէրով հովուական ծառայութեան է մեկնել ԱՄՆ:

1951-81 թթ. պաշտօնավարել է ԱՄՆ Արեւելեան թեմի Նիւ Եօրքի Ս. Խաչ, Լիւինգստօնի Նիւ Ջերսիի Ս. Աստուածածին, Մասաչուսէթս նահանգի Ուստրի Ս. Փրկիչ, Սաութֆիլդ Միչիգանի Ս. Յովհաննէս, Ֆիլադելֆիայի Ուինուուտ քաղաքի Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ, Մասաչուսէթս նահանգի Քեմբրիջի Ս. Երրորդութիւն եւ կարճ ժամանակով Կանադայի Տորոնտոյ քաղաքի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիներում: ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ արքեպիսկոպոս Մանուկեանի կողմից մէկ տարի ժամկէտով կոչուել է Նիւ Եօրքի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ եկեղեցու լուսարարապետի պաշտօնին:

1958 թ. ապրիլին ստացել է մասնաւոր վարդապետութեան աստիճան` ձեռամբ ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մամբրէ արքեպիսկոպոս Գալֆայեանի:

1966 թ. ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան է ստացել ձեռամբ ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Սիոն արքեպիսկոպոս Մանուկեանի:

1963-65 թթ. ստանձնել է ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդութիւնը: Պաշտօնի հանգամանքով վարել է «Հայաստանէայց եկեղեցի» թերթի խմբագրութիւնը եւ թեմի կիրակնօրեայ դպրոցների տեսչութիւնը: Հովուական պաշտօններին առընթեր, աշխատակցել է ԱՄՆ Արեւելեան Հայոց թեմի Հայ Եկեղեցու Երիտասարդաց կազմակերպութեան «Արմինիան Գարդիըն» ամսաթերթին:

1961-68 թթ. իր ծառայութիւնն է բերել ԱՄՆ Արեւելեան թեմի Դպրաց դասերի ընկերակցութեան կենտրոնական վարչութեանը` որպէս խորհրդական եւ ատենապետ, ինչպէս նաեւ 1963-67 թթ. թեմական խորհրդին:

1982 թ. փետրուար 14-ին, ձեռամբ  Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա Կաթողիկոսի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում ձեռնադրուել է եպիսկոպոս:

1982 թ. ապրիլին նշանակուել է Մեծ Բրիտանիայի Հայոց թեմի առաջնորդ:

1993 թ. յունուարին Վազգէն Ա Վեհափառ Հայրապետի կողմից արժանացել է արքութեան տիտղոսի:

Անգլիայում, որպէս առաջնորդ եւ հայրապետական պատուիրակ, Հայ Եկեղեցին ներկայացրել է Քէնթրբերիի արքեպիսկոպոսութիւնում, մասնակցել է միջեկեղեցական ժողովների եւ հաւաքների, ինչպէս նաեւ Անգլիկան Եկեղեցու Լամբերթի ժողովին:

12 տարի նախագահել է Անգլիայի Արեւելեան Ուղղափառ Հայ, Ղպտի, Ասորի, Եթովպական եւ Հնդիկ Մալաբար Եկեղեցիների խորհուրդը:

2000 թ. հոկտեմբերին առողջական պատճառներով հրաժարուել է Մեծ Բրիտանիայի Հայոց թեմի առաջնորդի պարտականութիւններից եւ յանգստի կոչուել:

armenian3

ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ
ԵՂԻՇԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԿԻԶԻՐԵԱՆԻ
ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

«Ահա այր յորում ոչ գոյ նենգութիւն»

                                                                                 Դոկտ. Զաւէն Ա.Քհնյ. Արզումանեան

     Եղիշէ Սրբազան Հօր վախճանումը ցնցեց բազմաթիւ հոգիներ, մասնաւորաբար զինք մօտէն ճանչցողները։ Իր վախճանէն շաբաթ մը առաջ կը խօսէի իր հետ երբ իմացայ իր հիւանդութեան մասին։ Հիւանդանոցէն ապաքինած՝ Էմըրսընի Տարէցներու Տան մէջն էր երբ ձեռքի հեռաձայնը անմիջապէս բացաւ եւ ուրախացաւ որ զինք չէի մոռցած։ Խօսեցանք կէս ժամի չափ եւ յայտնեց թէ ոտքի վրայ էր մինչ ուրիշներ անկողնոյ կը ծառայէին եւ թէ այդ պատճառով ոչ ոքի հետ խօսելու առիթ չէր ունենար։ Ինքնատիպ նոյն թաւ ձայնով, վճիտ խօսքով, եւ լաւատես՝ վերադառնալու իր բնակարանը։ Աւաղ սակայն, շաբաթը անցաւ ու մեր սիրելի Եղիշէ Սրբազանն ալ այս աշխարհի իր երթը աւարտեց ապրելով լի ու լի, իննիսունի բացառութիւնը յարգելով, երկար եւ բեղմնաւոր տարիներ, հարստացնելով իր շուրջինները հոգիի ազնուագոյն շնորհներով, որոնցմով ինք հարստացած էր եօթանասունամեայ իր հոգեւոր եւ նուիրեալ ծառայութեամբ՝ առ ոտս իր պաշտած Փրկչին Քրիստոսի եւ Հայ Եկեղեցիին։
     Մեր Տէրը Յիսուս երբ իր աշակերտները կը կանչէր իր աստուածային ներթափանց նայուածքով, տեսաւ Նաթանայէլը, որ կոչուեցաւ Բարթողիմէոս, Հայաստանի Առաքեալը, ու զինք կոչեց այր մը որ նենգութիւն չկար մէջը։ Եւ երբ Նաթանայէլ հարցուց Յիսուսի թէ ինչպէս կը ճանչնար զինք, Տէրը ըսաւ թէ երբ թզենիի ծառին տակ նստած էիր, տեսայ քեզ, եւ Փիլիպպոսի միջոցաւ քեզ մօտս բերի։ Ահա Աւետարանական պարզ կոչում մը որ համեստօրէն պիտի չվարանիմ վերագրել Սիրելի Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Կիզիրեանին զինք այնքան մօտէն ճանչցած ըլլալուս բարեբախտութեամբ։ Համեստութիւնը եղաւ իր բարձրութիւնը եւ այդ կը բաւէր հոգելից երիտասարդ հայորդիին որ հոգեկան իղձերը զարգացնելով հասնէր բարձրագոյն աստիճանի՝ արքեպիսկոպոսութեան, մնալով միշտ համեստ, բարի, հոգելից եւ պարտաճանաչ հայ հոգեւորականը «յորում ոչ գոյր նենգութիւն»։
     Ծանօթութիւնս երջանկայիշատակ Սբազան Հօր հետ կ՛երթայ ետ ուղիղ 66 տարիներ, 1949¬ի Սեպտեմբերին, երբ նոր մուտք գործած էի Անթիլիասի Ժառանգաւորաց Գ. Դասարանը, ուր նաեւ աշակերտեցանք նաեւ իրեն՝ նորընծայ Եղիշէ Հայր Սուրբին, երիտասարդ, գեղադէմ, պարտաճանաչ, որմէ մեր առաջին դասը սորվեցանք Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութեան եւ Ծիսագիտութեան մասին։ Երկու տարի ետք, Գարեգին Ա. Յովսէփեանց մեծանուն Կաթողիկոսի Հայրապետական կարգադրութեամբ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ ուր որպէս բարի հովիւ ծառայեց Արեւելեան Թեմի շարք մը համայնքներուն, միակն ըլլալով անդադրում ծառայելու կարեւոր թիւով եւ որակով, մեծ ու փոքր, ծուխերու։ Գրեթէ ամէն համայնք վայելեց Եղիշէ Հայր Սուրբի հոգեշահ աշխատանքը՝ 1951 թուականէն սկսեալ։
     Յիսունչորս տարիներ առաջ եկայ նաեւ ես ծառայելու Արեւելեան Թեմէն ներս։ Եղիշէ Հայր Սուրբ չուշացաւ զիս հիւրընկալելու Ուստըրի իր համայնքէն ներս։ Տպաւորուեցայ իր ուղղամիտ եւ զուարթախոհ երիտասարդ հոգեւորականի պաշտօնէն զոր կը վարէր ամենայն լրջութեամբ եւ պատասխանատու դիրքով։ Աւագ եւ կրտսեր, երկուքս շատ յաճախ երջանկութիւնը ունեցանք եղբայրանալու, միշտ բերկրանքին ներքեւ իր համեստութեան ու անկեղծութեան որոնք իր կեանքի ուղին եղան անսակարկ եւ ուղիղ։
     Իր բարեհամբաւ ծառայութեան արձագանգը հնչեց Մայր Աթոռէն երբ 1982 թուին Ամենայն Հայոց Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Կաթողիկոս հարցուց եթէ կ՛ուզէր Անգլիոյ Առաջնորդական թեմը զբաղեցնել։ «Այո, ըսի, կ՛երթամ» ըսեր էր Եղիշէ Հայր Սուրբը։ «Նախ Մայր Աթոռ եկէք» ըսած էր Հայրապետը, եւ Հայր Եղիշէ Ծայրագոյն Վարդապետ եպիսկոպոսանալով նոյն տարւոյն Տեառնընդառաջի օրը՝ Փետրուար 14¬ին, գործի անցաւ ու եղաւ թեմակալ Առաջնորդ Մեծն Բրիտանիոյ։ Ինքս Անգլիա ապրած ըլլալով որպէս ուսանող եւ Կիրակի օրերն ալ Առաջնորդանիստ եկեղեցին պաշտամունքի մասնակցելով, գիտէի կացութիւնն ու կարելիութիւնները։ Նորաօծ Եղիշէ Եպիսկոպոս Կիզիրեան կատարեց իր լաւագոյնը մօտ երկու տասնամեակ ու պատուաւոր ծառայութեան աւարտին վերադարձաւ Արեւելեան Թեմ։
     Նոր եպիսկոպոս ձեռնադրուած, այցի եկաւ նաեւ իր նախկին ծուխին ուր այս անգամ ես կը պաշտօնավարէի ուղղակի իրեն յաջորդելով։ Եպիսկոպոսական առաջին Սուրբ Պատարագը մատոյց Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Եկեղեցւոյ մէջ, մեր տան այցելութիւն մը տալով, մխիթարեց ծերունի հայրս, բաժնեկից եղաւ Տիրամօր հիւրասիրութեան, եւ մի քանի օրեր ետք մեկնեցաւ Անգլիա։ Տարիներ ետք, երկու պարագաներուն ալ, հօրս եւ մօրս յուղարկաւորութեան յատկապէս ներկայ ըլլալով ու նախագահելով մխիթարեց մեզ՝ յայտնելով իր ազնուագոյն նկարագիրը։ Մէկ անգամ կրցայ տեսնել զինք Լոնտոն երբ առիթով մը գիտաժողովի մը մասնակցելու գացեր էի։ Ուրախ էր եւ պատիւ կը զգար նաեւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ մօտ որպէս Հայ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս տիրական ներկայութիւնը բերելով։ Գոհ էր նաեւ Վեհափառ Հայրապետը որ չուշացաւ Եղիշէ Սրբազանը արքեպիսկոպոսութեան բարձրացնելու։
     Եթէ գրական վաստակ չթողուց իր ետին, Սրբազան Հայրը յարատեւ ընթերցասէր եւ գնահատող բարձրաստիճան հոգեւորական մը եղաւ։ Երբ գիրք մը կամ երկու կը ղրկէի իմ հրատարակութիւններէն, իսկոյն գրաւոր, շատ կարճ նամակով անպայման իր գոհունակութիւնը եւ գնահատանքը կը յայտնէր՝ անկեղծօրէն եւ եղբայրօրէն։ Վերջին իր նամակը, միայն ամիս մը առաջ, երբ ուղարկած էի Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի երկու գիրքերուն թարգմանութիւնն իրենց հայերէն բնագիրներով։ Շնորհք Պատրիարքի հանդէպ բացառիկ հիացում ունէր, երբ Շնորհք Վարդապետ Գալուստեան 40¬ական թուականներուն իրենց տեսուչն ու ուսուցիչն էր Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ։ Վերջին անգամ տեսայ սիրելի Սրբազանը Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս Աստուածաբանական Ճեմարանը ուր հրաւիրուած էի տեսչութեան կողմէ օր մը ամբողջ դասախօսելու։ Հոն էր Սրբազանը, երբեմնի իմ ուսուցիչը, նստած կը հետեւէր։ Վերադարձիս նամակ մը ստացայ գնահատանքով եւ ջերմ զգացումներով լի։
     Իմ կարգիս ես ալ կը հետեւէի հեռաւոր Գալիֆորնիայէն Եղիշէ Արքեպիսկոպոսին պարբերական քարոզներուն ու մանաւանդ շատ զգայուն հարցազրոյցը կը դիտէի իր բովանդակալից կեանքի մասին։ Որքա՜ն ջերմութիւն, հոգեւոր կեանքի նկատմամբ սէր եւ աննահանջ գնացք, որոնք այնքան անձնական կեանքի նոյնքան եւ իսկական ինքնութեան դրոշմ կը ձգէին զինք ունկնդրող ճեմարանականներուն վրայ, ինչպէս նաեւ իմ վրայ, տարիներու հեռարձակ փայլատակումներով։
     Սրբազան Հայրը ընթերցասէր եղաւ ըսի, եղաւ նաեւ քաջ քարոզիչ, առանց թուղթի կտոր մը աչքին առջեւ։ Հոգիէն կը բխէր, միտքէն կը փայլէր, եւ իր ուժեղ ձայնի թափով կը գրաւէր ունկնդիրները։ Յուզումով երիզի վրայ հետեւեցայ Սրբազան Հօր յուղարկաւորութեան եւ Վերջին Օծման Ս. Պատարագին՝ Ս. Վարդան Մայր Տաճարէն ներս, ունկնդրեցի Առաջնորդ Գերաշնորհ Խաժակ Արքեպիսկոհոս Պարսամեանի յուզիչ դամբանականը որ իսկապէս բացառիկ եւ ամենէն յարգի ու պատշաճ տուրքը եղաւ վախճանեալ բարձրաստիճան հոգեւորականին, որուն յուղարկաւորութիւնը կը կատարուէր Աւագ Չորեքշաբթի օր հանդիսաւոր եւ արժանի շուքով։ Խաժակ Սրբազան յուզեց մեզ երբ կը փոխանցէր լուսահոգի վախճանեալ Եղիշէ Սրբազան Հօր փափաքը Զատկի Կիրակին, այսօր, ներկայ ըլլալու Մայր Տաճար, եւ սակայն Աւագ Չորեքշաբթին կանխեց, եւ Խաժակ Սրբազանի յուզիչ խօսքը աւարտեցաւ՝ «Եթէ հոս չտօնեց Սուրբ Յարութեան տօնը, Երկնաւոր Հօր մօտ անտարակոյս արժանի պիտի ըլլար տօնելու Սուրբ Զատիկը»։
     Յիրաւի Միացեալ Նահանգաց Արեւելեան Թեմը իրպատմութեան մէջ ջինջ ու մնայուն բարձրութիւն մը արձանագրած է արդէն յանձին բարեյիշատակ Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Կիզիրեանի բազում տարիներու հովուական ծառայութեան շնորհիւ։ Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

Սուրբ Զատիկ
Մարտ 27, 2016