ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ՝ ԱՍՏՈՒԱԾ ԸՆԴ ՄԵԶ
Էմմանուէլ՝ Աստուած ընդ մեզ․ այս է ողջ խորհուրդը Ս. Ծննդեան, տօնախմբութիւնը մեր կեանքէն ներս Աստուծոյ ներկայութեան՝ մանուկ Յիսուսի Ս. Ծննդեան հրաշքին ի տես։ Յիսուս մանուկին ծնունդով Աստուած Ինք կ՛այցելէ մարդկութեան՝ մեկնարկը տալով Իր երկրային փրկչագործ առաքելութեան։ Աստուած կը մարդանայ մեզի հետ ըլլալու, մեր մէջ բնակելու, Իր հրաշալի ծնունդով մեզ վերստին ծնունդ պարգեւելու, որպէսզի մեր կեանքը ուղեգծենք Իր կեանքին կենդանի օրինակով ու Աստուծոյ պատուիրաններուն համահունչ։
Ամէն անգամ, երբ կը տօնախմբենք մեր Տիրոջ և Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը, մեր կեանքէն ներս Իր մշտամնայ եւ մշտանորոգ ներկայութիւնը եւ ներգործութիւնը կը խոստովանինք նախեւառաջ, կը վկայենք, թէ «Աստուած ընդ մեզ» է եւ այդ գիտակցութեամբ մեր կեանքին ընթացքը կ’ուղղենք դէպի բարին և գեղեցիկը, դէպի աստուածային կատարելութիւն ու ստեղծագործ կեանք։
Երբ կ՛անդրադառնանք մեր կեանքէն ներս Աստուծոյ ներկայութեան, յայտնութեան պահ մըն է, որ կ՛արձանագրենք, որով եւ հոգեւոր վերածնունդ կ՛ապրինք՝ նոր խոստումներով, նոր տեսիլքներով եւ նոր յանձնառութիւններով զարդարելով մեր կեանքը։
Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի հոգեզմայլ տրամադրութիւններով խանդավառ, որպէս հոգևոր սպասաւոր Հայց. Առաքելական մեր մայր սուրբ եկեղեցւոյ, մենք մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած, որպէսզի Տէրը մեր սրտերը վերածէ բեթղեհէմեան մսուրի՝ մանուկ Յիսուսը հոն պատսպարելու համար։ Եւ անշուշտ մեր աղօթքին մէջ կը յիշենք Խաղաղական Ժամերգութենէ Ս․ Ներսէս Շնորհալիին «Շնորհեա՛ Մեզ Տէր» երգը ուր կ՛ըսէ․ «Եւ քանզի մանուկ ծնաւ, Որդի եւ տուաւ մեզ, զի Աստուած ընդ մեզ է: Եւ որոյ իշխանութիւն իւր ի վերայ ուսոց իւրոց, զի Աստուած ընդ մեզ է: Եւ որ կոչի անուն նորա մեծի խորհրդոյ հրեշտակ, զի Աստուած ընդ մեզ է: Եւ սքանչելի խորհրդակից, զի Աստուած ընդ մեզ է: Եւ Աստուած հզօր իշխան, զի Աստուած ընդ մեզ է: Եւ իշխան խաղաղութեան, Հայր հանդերձելոյ յաւիտենին Տէր Աստուած ընդ մեզ է»։
Մեր նախնիք Աստուծոյ մշտական ներկայութեան գիտակցութեամբ եւ հաստատումով առաջնորդած են իրենց կեանքի ճամբան՝ կերտելով հայրենիք ու եկեղեցի, հոգևոր առաքելութիւն եւ արժէքներ, բարոյականութեան բարձր չափանիշներ եւ մշակոյթ, գիտութիւն եւ արուեստ։ Առանց երկնչելու, ընկրկելու կամ վարանելու մեր նախնիք կերտած են ապագայ գալիք սերունդներուն համար, որովհետեւ համոզումն ունէին, թէ «Տէր Աստուած ընդ մեզ է»։
Աստուած ընդ մեզ․ քրիստոնեայ հաւատացեալը երբ բարձրաձայն կ’արտասանէ այս բառերը, անկասկածօրէն անդրադարձումի պահ մը կ՛ունենայ, հոգեւոր պայծառակերպութիւն մը, որ իր մէջ կ՛արթնցնէ շարժումը նոր կեանքին։ Հոգեւոր բարձր ինքնագիտակցութեան կամ, եթէ կ՛ուզէք՝ ինքնավստահութեան այդ զգացողութեամբ կարելի կ՛ըլլայ պատասխանել Աստուծոյ կոչին՝ մեզի տրուած կեանքը Իրմով արժևորելու համար։
Այսօրուայ աշխարհի նոր պայմաններու բերումով յաճախ կը թերանանք աղօթքով համեմել մեր կեանքը, որուն որպէս արդիւնք ինքնըստինքեան կը հեռանանք Աստուծմէ՝ նմանելով այն ծառին, որու արմատները հողին մէջ չեն և բնականօրէն՝ կեանքը սահմանափակուած է ժամանակի մը մէջ։ Մարդու պարագային ժամանակի մը մէջ սահմանափակուած կեանքը հոգևոր բոպիկութիւն է, այն ալ՝ չափազանց վտանգաւոր։ Մարդը իր բնութեամբ անքակտելիօրէն կապուած պիտի մնայ Աստուծոյ հետ՝ առանց մոռնալու, որ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած է։ Այլապէս՝ ան կը դադրի կենսագործելէ եւ ծառին նման կը չորնայ։
Սիրելինե՛ր ի Քրիստոս,
Յիսուսի Ծննդեան պատկերին մէջ գտէք Ձեր կեանքին նոր ուղին։ Ապրեցէ՛ք հաւատքով, կեանքը մշակեցէք հոգևոր ու բարոյական արժէքներով, Ձեր հոգիին սլաքը միշտ ուղղէք դէպի Աստուած, զեղուն պահէք Ձեր սէրն ու եռանդը հայրենիքի ու Ս. Էջմիածնի հանդէպ։ Մի զլանաք Ձեր զաւակաց որպէս ժառանգ աւանդել մեր ազգի ու եկեղեցւոյ սրբութիւնները, որպէսզի հոգեւորապէս զինած ըլլաք զանոնք դիմակայելու ժամանակի բոլոր մարտահրաւէրները։
Քրիստոս Ծնաւ և Յայտնեցաւ,
Օրհնեա՜լ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի։
Թող Աստուած աշխարհին պարգեւէ խաղաղութիւն ու բարգաւաճ կեանք, մեր երկրին՝ Հայաստանին մնայուն վերելք, մեր Ս. Եկեղեցւոյ՝ անսասանութիւն, ազգիս Վեհափառ Հայրապետ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ կենաց արեւշատ օրեր, որպէսզի շարունակէ առաջնորդել մեր ազգն ու եկեղեցին դէպի նորանոր բարձունքներ։
Էմմանուէլ՝ Աստուած ընդ մեզ, Աստուած մեր ժողովուրդին հետ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն։
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի