Ֆրանչիսկոս Պապին, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական
պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Մայր Աթոռի ներկայացուցիչ
Գերշ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի
ընդունելութիւնը
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ նշանակուած իր նոր պաշտօնը ստանձնելով՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի 28 տարիներու նախկին առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Հռոմ հասնելէ ետք բազմազբաղ յայտագիր մը ունեցաւ:
Այս տարուան սեպտեմբերին Վեհափառ Հայրապետին կողմէ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Մայր Աթոռի ներկայացուցիչ նշանակուելէ ետք՝ հանդիպումներ կ՚ունենայ Վատիկանի բարձրաստիճան պաշտօնակատարներու հետ՝ աւելի եւս ամրապնդելու համար Հռոմէական Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցիներու կապերը:
Սեպտեմբեր 1-ին Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղուած Վեհափառ Հայրապետի նամակին պատասխանուած էր՝ որ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ներկայութիւնը Վատիկանի մէջ «անպայմանօրէն առաւել եւս պիտի խորացնէ» յարաբերութիւնը երկու եկեղեցիներուն միջեւ:
Խաժակ սրբազան ջերմօրէն ընդունուեցաւ Հռոմի Սուրբ Աթոռի, Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեանի կողմէ: Բազմաթիւ ծրագրերու իրագործման համար Հայաստանի դիւանագէտին Խաժակ Սրբազանի հետ համագործակցութիւնը տուած է յաջող արդիւնքներ ի նպաստ մայր հայրենիքի:
Խաժակ Սրբազանին բարի գալուստ մաղթած է նաեւ Իտալիոյ օտ Հայաստանի դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան, որ սրբազան հայրը հրաւիրած է Երեւան քաղաքի 2800-ամեակին առիթով կազմակերպուած համերգին՝ Հռոմի «Օփերա Հաուզ»ի մէջ:
Բարձրամակարդակ հանդիպումներ
Վատիկան հասնելէ ետք՝ սրբազան հայրը անձնական հանդիպումներ ունեցաւ Քրիստոնէական միութեան պապական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Քըրք Քոխի եւ Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու խորհուրդի պատասխանատու կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի հետ:
Իր հանդիպումը Վատիկանի Պետական քարտուղար կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինի հետ մասնաւոր նշանակութիւն մը ունեցաւ: Երկու եկեղեցական առաջնորդները զիրար լաւ կը ճանչնային եւ երկար ժամանակ համագործակցած էին իրարու հետ՝ ինչպէս հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակումին՝ նախագահութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին՝ Ս. Պետրոս պազիլիքայի մէջ:
Վատիկանի մէջ անոնք կազմակերպեցին Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման հանդիսութիւնը: Ունեցան խորհրդակցութիւններ Հայաստանի ներկայ քաղաքական կացութեան, Միջին Արեւելքի քրիստոնէական համայնքներու կացութեան եւ Վենետիկի Ս. Ղազարի Մխիթարեան միաբանութիւնը զօրացնելու կարելիութեան մասին:
Քրիստոնէական Համագործակցութիւնը կարեւոր է
«Նկատի ունենալով գոյութիւն ունեցող այսօրուան մարտահրաւէրները՝ Եկեղեցիներու տարբերութիւնը պէտք չէ որ արգելք ըլլայ համագործակցութեան եւ երկխօսութեան:
«Երջանկայիշատակ Վագէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շրջանէն սկսեալ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վատիկանի, նաեւ Հայաստանի ու Հռոմէական Կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւնները ընդհանրապէս զօրացած ու խորացած են:
«Իմ նպատակս է, ինծի վստահուած այս նոր պաշտօնով, երկու եկեղեցիները հոգեպէս, փոխադարձ յարգանքով եւ համագործակցութեան ոգիով իրարու աւելի մօտեցնելու նպատակով՝ ընդարձակել գոյութիւն ունեցող ծրագրերը, յայտագրերն ու գործունէութիւնը»։
Սրբազան հայրը ըսաւ, որ անցնող տարիներու ընթացքին՝ Միջին Արեւելքէն, Թուրքիայէն, Հայաստանէն եւ Ռուսաստանէն բազմաթիւ հայեր գաղթած են Եւրոպական կարգ մը շրջաններ: Որպէս Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ՝ ան հաղորդակցութեան մէջ մտած է իր հովանիին ներքեւ գտնուող համայնքներու ծխական խորհուրդներուն եւ Հայաստանի դեսպաններուն հետ՝ այդ համայնքներուն տրուելիք հովուական այցելութիւնները ծրագրելու նպատակով:
Հարիւրամեակի Համագործակցութիւն
Սրբազան հայրը ըսաւ, որ համագործակցութեան ոգին դարեր շարունակ մաս կազմած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, աւելցնելով որ 12-րդ դարուն Ս. Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսը այդ ոգիին ախոյեանը եղած է:
«Այսօր, մեր աշխարհի եւ ընկերութեան մէջ եւս դէմ յանդիման կու գանք մարտահրաւէրներու, սակայն ինչպէս միշտ, եւ մանաւանդ վերջերս, քրիստոնէական տարբեր յարանուանութեանց միջեւ համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է»։
Իր կարծի՞քը Ֆրանչիսկոս Պապի մասին: «Շատ հովուապետական, ջերմ հաւատացեալ, պատուաւոր, համեստ, պարզ եւ ջերմ: Մօտէն կը ճանչնայ հայերը եւ կը գնահատէ զանոնք, մօտիկ բարեկամն է Արժանթինի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեանի, որ իմ դասընկերս եղած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դպրեվանքին մէջ»։
Խաժակ Արքեպիսկոպոս ըսաւ, որ իբրեւ խորհրդանիշ իր մտերմութեան Արժանթինի 80 հազար հաւատացեալ հաշուող հայկական համայնքին՝ Ֆրանչիսկոս Պապը հայկական «խաչքար» զետեղած էր Պուէնոս Այրէսի Հռոմէական Կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ:
Սրբազան հայրը շարունակեց ըսելով. «Անցեալ տարուան ընթացքին ես մօտիկ յարաբերութիւն հաստատած էի Միացեալ Նահանգներու եւ Վատիկանի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ղեկավարներուն հետ: Ես պիտի շարունակեմ այս յարաբերութիւնները երկու եկեղեցիներու բարիքին եւ աշխարհի բարիքին ի նպաստ: Ես երախտապարտ եմ Վեհափառ Հայրապետին՝ որ ինծի վստահած պաշտօնով առիթը տուաւ շարունակելու իմ առաքելութիւնս»։
Լրագրող Ֆլորէնս Աւագեան