«Անունովդ Ապրիս»
… Իւրաքանչիւր եկեղեցիի անուանակոչութեան օրերուն տեղի կ’ունենային շքեղ տօնակատարութիւններ: Սուրբ Սարգիսի տօնին պատարագիչը անպայման բարձրաստիճան կղերական մը կ’ըլլայ: Պատահած է նաեւ, որ վեհափառ հայրապետը այցելէ Նոր Սիս թաղամասի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին: Սուրբ Յակոբի օրը շքեղ հանդիսութեամբ կը տօնուէր Էշրեֆիէի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Յովհաննու Կարապետին նոյն հանդիսութիւնները կը կատարուէին Հայաշէնի մէջ, իսկ Գրիգոր Լուսաւորչի տօնը մեծ շուքով կը տօնուէր Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, ուր շրջափակը կը յորդէր ու մինչեւ այսօր կը յորդի մեծ բազմութեամբ … «Անունովդ Ապրիս»