Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան Տօներու Առթիւ

Donadzar01Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան Տօներու Առթիւ

     Ամավերջի տօներու զուգադիպութիւնը ներկայ ժամանակներու մտածողութեան մէջ,աւելի քան հանդուրժողական նորերեւոյթ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն,անհետացնելով պահ մը,կրօնքներու միջեւ պատնէշուած մրցակից ու հակամարտնչող ոգին։ Ներհակ գոյակցութիւններ ներդաշնակելով, անոնք դարձած են արդէն համամարդկային համախմբումի առիթ, ապրելով միասնաբար բնականօրէն առաջադրուած, տօնական բնոյթ ունեցող՝ փոխ յարգանքի եզակի պահեր։ 

       Տօնածառ զարդարելու սովորութիւնը, մի քանի տասնեակ տարիներէ ի վեր, կարծես դադրած ըլլայ քրիստոնէական դրոշմ կրող, տաղաւար տօնի մը առնչուած՝ երջանկութիւն առթող առիթ մ՚ը ըլլալէ եւ դարձած է, մարդկային կեանքի դժուարին պայմանները մեղմացնող, անձկութիւնները մոռացութեան յանձնող, սպասուած բարեյոյս խորհրդանշականով՝ ժողովրդական արարողութիւն մը, վերագտնելով ակամայ, երբեմնի հեթանոսական բարքերը վերապրեցնող զուարթագին աւանդութիւնները, որոնք՝ առաւելաբար ընտանեկան հաւաքոյթներու կը նպաստէին։ 

      Սոյն իրողութիւնը կ՝ապրինք այսօր, ոչ միայն որպէս քրիստոնեայ համայնքին վերապահուած յատկութիւն, այլ՝ օտար ազգի (ոչ քրիստոնեայ) ժողովուրդներն անգամ, բնազդական համակերպումով բնական մասնակից բաժնեկիցներ կը դառնան տօնէն բղխած երջանկութիւնը ըմբոշխնելու, կարծես միակամ, կրօնական ու ցեղային խոչընդոտող տարբերութիւններէն թօթափուած ըլլան, սիրոյ սեղանի մը շուրջ բոլորուած։

      Նոյն է պարագան ոչ քրիստոնեայ յարանուանութեանց մեծարած տօներու ստեղծած պաշտամունքային Ժողովրդական խանդավառութեան, որմէ ծնած հետաքրքրութիւնը կը մղէ մեզ անխտրաբար,ուշադիր կեցուածք մը որդեգրել յաչս այլ ազգի դաւանական համոզումներու ջերմեռանդ արտայայտութեան առիթով, ու անոր համապատասխան յարգալիր մօտեցումը փոխադարձել։

      Ահա բնական հայեցողութիւն մը, որ պարզապէս կը գործադրէ ու կ՚իմաստաւորէ քրիստոնէական գաղափարախօսութիւնը յատկանշող հանդուրժողութեան սկզբունքը, որ Աստուածային կամքի նախամեծար արտայայտութիւնն է։

    Տօնածառի գոյութիւնը նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւններուն մէջ, նման քրիստոնէական տօներու ջախջախիչ մեծամասնութեան, Կելտերու ժամանակաշրջանի (Celtes Ն.Ք.8-էն- 4րդ դար) ծառով խորհրդանշուած արեւի ծնունդը յիշատակող հեթանոսական տօնին փոխարինումն է, որ տեղի կ՚ունենար դեկտեմբեր ամսու աւարտին։ Նոյն տօնը որդեգրուած է քրիստոնեայ աւանդոյթէն, որպէս ծննդաբերութեան տօն ու խորհրդանշուած է, նոճիներու ընտանիքին պատկան դալարագեղ ծառով մը։

       11-րդ դարուն, քրիստոնեայ հաւատացեալներ, սովոր էին տարեվերջին Donadzar013 «խորհուրդ» կոչուած հրապարա-կային բեմադրութիւններ ներկայացնել, որոնց կարգին կը գտնուէր նաեւ, «արքայութիւն» տրամախօսութիւնը, որ դարձեալ, կարմիր խնձորներով զարդարուած եղեւնիի ծառով կը խորհրդանշուէր։

       Տօնածառի յիշատակութիւնը կը գտնենք, 12-րդ եւ 16-րդ դարերու յիշատակարաններու մէջ։ Իսկ աւելի ուշ՝ 19-րդ դարուն, եւրոպայի կարգ մը քաղաքներու մէջ ընդհանրացած սովորութեան մը համաձայն, Դեկտեմբեր 24-ին, եղեւնիով քաղաքներու հրապարակները կը զարդարէին, Յիսուս Մանկան ծնունդը յիշատակելու համար, մինչեւ անոնց պետական իշխանութեան կողմէ արգելումը, եւ միայն անկէ ետք է որ, աւանդութիւն դարձած տօնածառը, հրապարակներէն վերացուելով մոռացութեան չի մատնուի, մուտք կը գործէր ընտանեկան յարկերէն ներս եւ որուն յարդարանքը՝ նկատի առնելով օրուան տօնական պատշաճութիւնը, յաւելեալ մսուրով մըն ալ կը ճոխանար։

      Աւետարանական նկարագրութիւններու մէջ պակսած յիշատակութիւնը կենդանիներու ներկայութեան մասին, Յիսուսի ծննդավայր մսուրին մէջ, եւ Յ.Ք.ի չորրորդ դարուն, Մանկան ծնունդը առարկայականօրէն ներկայացնող պատկերին մէջ, կենդանիներով շրջապատուած ըլլալու վարկածը, կը պարտինք քրիստոնէութեան աննկուն ծաւալումին ու անոր բացայայտող կամքին, որ իր հետ զուգընթաց կը կրէր իր ծագման յայտնութեան դրդապատճառ՝ մովսիսականութեան անուրանալի արժէքները եւ անոնց յարակից աւանդական հանդիսութիւնները։

Donadzar011      Այս պայմաններով, Մեսիայի ծնունդը անասուններու ներկայութեամբ յիշատակելու սովորութիւնը, կ՚արմատանար անտարակոյս, Քրիստոսատես Եսաեայ մարգարէի՝ ընտրեալ ազգի դէմ կատարած յանդիմանութեան մէջ, ուր կը գերադասէր կենդանիներու՝ եզին եւ իշուն հաւատարմութիւնը հանդէպ իրենց տէրերուն, ձաղելով ընտրեալ ցեղինը՝ Աստուծոյ նկատմամբ։ Եսյ. Ա- 3

       Յիսուս Մանկան ծնունդով, ոչ միայն կ՚իրագործուէր Մեսիական մարգարէութիւնը, այլեւ՝ ժամանակի ընթացքին քրիստոնէացնելով հեթանոսական աւանդական դրսեւորումները, կը վանէր զանոնք միանգամընդմիշտ մարդոց յիշողութենէն եւ կը տարրլուծէր։

      Սրբազան Մատեաններու դարերէ ի վեր ծաւալած մովսիսականութեան մէջ, ինչպէս շատ մը երեւոյթներ Խորհրդանշական իմաստներ կ՚ենթադրէին, նոյնպէս, մէջ բերուած կենդանիներու օրինակը առաջադրելով, Խորհրդանշականօրէն, Աստուծոյ նկատմամբ հաւատարմութեան մարածոգին էր որ կը վերարծարծուէր։

Donadzar016

     Մոգերու ներկայութիւնը, մեծ ոստումով հեթանոս աշխարհը կը բարձրացնէր անորոշութեան անդունդէն դէպի բարձրավանդակը հոգեփրկութեան եւ կը զօդէր զայն, իրեն նոյնքան անորոշ բայց ուշագրաւ Նոր գաղափարականին։

     Դաւանելով նորածին մանկան Մեսիական բնոյթը հաստատող երկնային վկայութիւնը, կ՚երկրպագէին Անոր առջեւ, լռելեան մատուզանելով Գերագոյնին, իրենց ատակութիւնը ճշմարտութեան հպատակելու, եւ հեթանոսութեան անսակարկ հաւատարմական պատրաստակամութիւնը Նոր Ուխտին նկատմամբ։

       Հետաքրքիր էր հեթանոս հասարակութիւնը։ Պատրաստ՝ ինչպէս նորաբաց սպիտակ էջ մը, նոր արտայայտութիւններ դիմաւորելու, նման այն մտայղացումներու՝ որոնց հոգեկան բացասական իրավիճակին թերութիւնը, բնականօրէն կը վերածուի թանձրացեալ դրական խորագրի մը, իմաստի մը փնտռտուքին, ներկան գերազանցող գեղեցկութեան, դրոշմուելու Նոր օրինագրքի ոսկեայ տառերով։ 

      Հեթանոսութիւնը հակամէտ հաղորդակցելու Մեսիական այնքա՜ն հոգեթով նորերեւոյթ Տեսիլքին, ինչպես չի հերկուած բերրի արտ մը, որ ցնծութեամբ կ՚սպասէր վերընձիւղման Նոր արօրին, պատսպարելու իր կոյս ակօսներուն մէջ, առատաբաշխ Սիրոյ Սերմերը վսեմ, նորահաս ծիլերը վաղուան յոյսերու շողարձակումներուն։

          Մոգերով ու կենդանիներով յիշուած մսուրը, կը խորհրդանշէր նաեւ հեթանոսութեան անուրանալի մօտեցումը Դաւթի շառաւիղին եւ Հին Կտակարանի տեսութիւններուն, որոնք՝ ծանօթ կը թուէին ըլլալ տիրապետող մովսիսական գաղափարախօսութեան, ու երկուքը միահամուռ շաղախուած, կը յայտնէին Նորին անքակտելիօրէն կապուելու իրենց անայլայլ կամքը, եւ առ այդ Նոր Վարդապետութեամբ սպառազինուած, այժմէականացնելու երկուքով, հոգիները ազատագրելու հին առաքելութեան ուխտը։

     Շահեկան է դիտել տալ հոս, թէ ի՞նչպէս Մեսիական մարգարէութիւններու լրումով, Հին Ուխտը, բնականօրէն իր կատարելագործման փուլին կը թեւակոխէր, եւ հեթանոսութիւնը ոչնչութենէն կը փրկուէր, դառնալով առաքելական քարոզչութեան յատուկ ուշադրութեան առարկան՝ թիրախը, երկուստեք արդարացնելով Մեսիական առաքելութեան վերանորոքիչ կենսունակութիւնը։

       Ահաւասիկ այս էր մոգերու եւ կենդանիներու խորհրդանշական համախմբումը։ Ներհակ տեսութիւններու բնածին ներդաշնակութիւն մը՝ Տիրոջ ծնունդով ընդելուզուած, որ մինչեւ այսօր, կը յարատեւէ անոնցմով յայտնաբերուած հաւատարմութեան արժանիքն ու անոնց յղած կրօնաբարոյական պատգամը։

         Նոր տարին, յաւերժ կրկնուելու դատապարտուած յանկերգի մը նման, ձմեռնամուտի եղանակին յատուկ, մութ ու լուսաւոր, գորշը թափած անսովոր երկինքով, կու գայ դարձեալ ներհակ իրողութիւններով, յուզելու տականքը ոմանց դժբախտութիւններուն ու առաւել բորբոքել երջանկութեամբ յղփացած սրտերը ուրիշներուն։

       Աւանդութիւն է այս զոյգ տօներուն, որ երանգը ըլլայ մարդոց երջանկութիւնը արտացոլացնող տիրող տարրը իր բազմապիսի գոյներով բոցավառ, եւ փողոց, տուն, վաճառատուն, զարդարուած ըլլան ոսկի, արծաթ, ամեն ձեւի եւ ազգի փալփլուն ու ճաճանչաւոր արտասովոր թղթիկներով։ Ամենուրեք լուսահեղձ հոգեպարար խաղաղ խայտանք սփռուած։ 

          Թելերը շալկած համաչափ շարուած թարթափող բազմերանգ լոյսեր։Donadzar015    Վերջին պահու խառնիճաղանճ եռուզեռը մարդոց առատալիր շուկաներու ժխոռին մէջ, ստիպողական յետին ակնարկէ մը մղուած, քիչ մը աւելի եւ միշտ անկուշտօրէն շռայլելու յարդարանքը սեղաններուն, վերացնելու մղձաւանջը կիսատ ձգուած քաղցրաւենիի, մրգեղէնի, կաղանդչէքներու չպակսող անհրաժեշտը ամբողջացնելու անտեղի մտահոգութեան, պատշաճ վայելչութեամբ տօնական գիշերն պատուելով՝ առանց անձկութեան ամանորը ողջունելու։ 

        Սուրբ Ծննդեան մերձեցող տաղաւար տօնի խորհուրդով, մարդիկ մեծաքայլ վերադարձած մանկութեան։ Գիշերային մթնոլորտը ողողող, գմբեթներէն արձագանգող զանգակներու ղօղանջներուն խառնուած, կրօնական ու ժողովրդական իրար խաչաձեւող գիշերային տօնակատարութիններէն բարձրացող ջերմութեամբն վերացած անզուգական խորհրդաւոր մթնոլորտ, ուր արդարօրէն կը նախատիրէ կենսուրախութիւնը մանուկներու աշխարհին,ու զանոնք երջանկացնել ձեւացնող չափահասներու համամարդկայնօրէն ժայթքող կամքը։

       Կաղանդ պապին անխուսափելի բարի գալուստը սպասող ու մանկական անմեղունակ՝ թէեւ ցնորք, կարմիր ճերմակ երազներուն թռիչք տուող ինքնախաբէութիւնը չափահասներու, կը գլէ սրտեր ուռեցնող անզուսպ խանդի իր ճամբուն, ամեն պատուար մտքի, խօսքի, պահպանելու անմեղունակ մանկերամի ոգեւորութիւնը բիւրեղ։

       Ամանոր է։ Ամեն ինչ նոր ու փայլուն, ամենուրեք առատահոս ճոխութիւն, զուարթագին յորդ խնդութիւն։ Տօնական գիշե՜ր է նոր տարուայ։ Ի՜նչ դիւթական յատուկ աշխարհ, որ մեղմօրէն յոգնած տարին, անձկութիւնն ու խնդութիւնն կիսաւարտ իր երազներուն ծրարած, շալկած քամակին, երգով, պարով, կեր ու խումով յղփացած, այս անգամ ալ հինէն նորին մէջ կ՚իյնայ։

         Ամանորը դիմաւորելու նախապաշարումներով լի մօտեցումը, ինչպէս առատ սեղանով առատ տարուան մը ակնկալութիւնը արդարացնել, կամ, ամավերջի ողջ գիշերը լուսաւոր պահելով յարկերը, լուսաւոր տարուան մը յուսադրումներու իրականացման տիրանալ։ Այս միամիտ նախապաշարումները, անտարակոյս, չափազանցութիւններու կը յանգեցնէ բոլորս, չարաչար հեռացնելով մեզ, Սուրբ Ծննդեան խորհուրդով խորհրդանշուած, անխոնջ ուսուցուած պարզ եւ Աստուածահաճոյ համեստութենէն։

         Չ՞էք կարծեր որ, պարզուած նախանձագրգիռ փարթամութիւնը, ու անյագ ագահութենէն քաջալերուած նիւթական ցուցամոլ մսխումը կաղանդչէքներու փոխանակութեան յատկացուած, քօղարկող շղարշ մը ըլլայ, արուեստականօրէն ծածկելու նայուածքներէն, թշուառութիւնը ապրուած առօրեայի վայրասուն իրողութեան, հոգեկան անձկութիւնը մարդոց մեծամասնութեան, որոնք դատապարտուած մեկուսացման, կը կնճռոտին օրէ օր անտարբերութեան մէջ լքուած, եւ կառչած յուսալքող առանձնութեան կործանարար ճակատագրին, կը տառապին, կը հիւծին։

       Չ՞էք կարծեր որ, ամեն կողմէն հասնող խրախճանքի ապերասան բացականչութիւնները, էութիւն ցնցող ընկերային վայրագութեան արձագանգն ըլլան, հանդէպ այն զրկուածներուն՝ որոնց համար, բարեկեցութեան հրամցուցած վայելքը, հեռուէն դիտուելիք, անհասանելի ցանկութիւն մը կը մնայ, որպէս ուրիշներու տան վերապահուած բարութիւն։ 

        Տագնապահար արժանապատուութեամբ, անոնց սրտերն են որ լուռ կ՝արիւնին անգոյն, բացարձակ անտարբերութեան սեւեռ նայուածքներու ներքեւ, ամօթահար իրենց վիճակուած անբարեկից՝ այլապէս անմեղադրելի դժբախտ ճակատագրի մը զուգադէպ բարոյական տառապանքէն։

       Նոր տարին սահմանուած յաճախ նիւթական արժէքներով, իրողութեան զգաստ չափանիշները կը վերագտնայ, իրեն յաջորդող՝ Փրկչական Յայտնութիւնը փառաբանող Սուրբ Ծննդեան տօնին մէջ։

       Մարդկութիւնը նախօրեայ յղփացումի թմրութենէն սթափած, իրապաշտ այլ հրճուանքով՝ հոգեկան այս անգամ, կը պատրաստուի դիմաւորել Մեսիայի նախօրօք յայտարարուած գալուստը եւ Անկէ բխած, ստիպողականութիւն դարձած անժխտելի հոգեկանով նորոգուած, կը չանայ սպիացնել հեթանոս աւանդութեան թողած երեկուան հետքերը, վերընկալելու արարածին վերապահուած, չափաւորեալ այլեւ առատաձիր Աստուածատուր սկզբնական առաքինութիւնները։

           Այսպէս, երկու հակոտնեայ իրողութիւնները շաղկապող, նիւթական եւ խորհրդապաշտ ապրումներու կատարելագործուելու ձգտումը, կ՝առաջնորդեն մարդկութիւնը դէպի կորիզը կեանքին, դէպի բացարձակ ճշմարտութեան ու զայն իմաստաւորող ծայրագոյն նպատակին, ըստ որում՝  «Բարի է յուսալ ի Տէր, քան յուսալ ի մարդիք» ըմբռնումին։ Սղմ. ճժը–118– 84

Donadzar      Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան նորոգող յատկութիւնները, յենած պճեղ մը աղօթքի, անգամ մը եւս կը յիշեցնեն բոլորիս ինչպէս անցեալ տարիներուն, թէ՝ նուաճելու ցանկութիւնը՝ կեանքի մէջ յաջողութիւններ ձեռք բերելու հեռանկարով, մարդկային այն առաքինութիւնն է, որ անկասկած, լաւատեսութեան դալարագեղ անդաստանին մէջ կը շնչէ։

       Գուցէ այս ըլլայ գլխաւոր խորհրդանշանը ամանորը զարդարող գունագեղ Տօնածառին։ Կան դժբախտաբար չարաշուք եղելութիւններ ամեն անհատի կեանքէն ներս, որոնք առաւել կամ նուազ չափով կը յուսալքեն զայն, յոռետեսութեամբ ծանրաբեռնելով մարդկային իրենց աշխարհահայացքը կերտող՝ բնածին լաւատեսութիւնը, ընկերութեան մէջ անարդարութեան թիրախ դարձած զոհերու տարազը հագուեցնելով անոնց։

          Անհատը, այսինքն անբարեկիցը, որուն՝ բախտը իր ժպիտը զլացած է, զրկուած՝ մարդկային երջանկութիւնը կերտող նիւթական ատախձէն, նուաստացած իր արժանապատուութեան զգացումներով, անխնայ կը բախի տարեմուտի զուգադիպող տօներու անխուսափելի ժամադրութեան, եւ հոս է որ տօնածառը, որքան ալ որ բեկանուտ ըլլան իր լայնատարած թեւեըը, կը դառնայ յուսաբեր այն դալարագեղ մերկ բեռնատարը, որուն վրայ հազարաւոր բարեյոյս իղձեր կառչիլ պիտի ուզեն, փայփայելով օր մը յաջողելու իրենց երազները։

Etchmxmas    Զարդարել զայն եւ զարդարուիլ անոր ցոլացնող գունագեղ բարեյաջողութիւններով, իւրաքանչիւր երեւոյթին մարդկայնօրէն անուն մը տալով եւ ինչու՞ չէ՝ պուտ մըն ալ ժպիտ, թէկուզ տժգոյն՝ արտասուքի փոխարէն։

        Թող այս տարի նման նախորդ տարիներուն, դարձեալ յուսանք բարեբեր բարեմաղթութիւններու ներգործութեան, որ մարդոց սրտերէն վիշտն անհետանայ ու հիւանդն ապաքինուի, եւ բարենուաճ նոր աւիւնով յորդ՝ համազգային խթան մը ըլլայ պայծառադէմ ապագայի մը ակնկալութեամբ։

Հեղինակ՝ Զարեհ Թօփալեան, Քլամար Փարիզ:

                                                             * * *

Շարական Սուրբ Ծննդեան

Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի,
Որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ,
Հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս`
Տան աւետիս աշխարհի:

Ծնաւ նոր արքայ
Ի Բեթղեհէմ քաղաքի,
Որդիք մարդկան, օրհնեցէք,
Զի վասն մեր մարմնացաւ:

Անբաւելին երկնի և երկրի
Ի խանձարուրս պատեցաւ,
Ոչ մեկնելով ի Հօրէ`
Ի սուրբ այրին բազմեցաւ:

* * *

Տաղ Սուրբ Ծննդեան

Այսօր տօն է սուրբ ծննդեան, աւետի՛ս.
Տեառն մերոյ եւ յայտնութեան, աւետի՜ս:
Այսօր արեւն արդարութեան, աւետի՛ս.
Երեւեցաւ ի մէջ մարդկան, աւետի՜ս:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:
Այսօր սուրբ կոյսն անապական, աւետի՛ս.
Ծնաւ եբեր զանմահ Արքայն, աւետի՜ս:
Այսօր հրեշտակք յերկնից իջեալ, աւետի՛ս.
Ընդ մեզ օրհնեն զանմահ Արքայն, աւետի՜ս:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:

                     * * *

ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ

Զանճառելի լուսոյ մայր
Եւ ըզբնակարան անըսկզբնակից Որդւոյն,
Օրհնութեամբ մեծացուցանեմք:
Զանհաս տնօրէնութեան մայր
Եւ զանձնաւոր տաճար Աստուծոյ Բանին,
Օրհնութեամբ մեծացուցանեմք:
Զբոլորից փըրկութեան մայր,
Որ զանտանելին յէից ի յարգանդի եբարձ.
Ըզնա ամենեքեան օրհնութեամբ մեծացուցանեմք:

                    * * *

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ,
Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս,
Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի

armenische WeihnachtsgrüsseWeihnachtsgrüsse